Երկուշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Տարաայի հիւանդանոցի ընդհանուր խորհուրդը յայտարարեց, որ առաջին անգամ ըլլալով պսակաձեւ ժահրով վարակուած երեք նորածին երեխաներ արձանագրուեցան։ Վարակուած պարագաները կարգով՝ 20-օրեայ, 1 ամսական եւ երեք ամսական երեխաներ են։ Նախարարութիւնը աւելցուց, որ հիւանդանոցի երեխաներու բաժինին մէջ 52 պարագաներ կան, որոնք թոքերու սաստիկ բորբոքումէ կը տառապին։