Երեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ղազախստանի Նուր Սուլթան մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ասթանայի բանակցութիւններու 17-րդ ժողովը։ Ժողովի նախօրէին, Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ՝ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական դոկտ. Այման Սուսանի, հանդիպում մը ունեցաւ ռուսական պատուիրակութեան հետ, նախագահութեամբ՝ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահի բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթեւի։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան ժողովի օրակարգերուն շուրջ։ Սուսան շեշտեց, որ ամերիկեան եւ թրքական ուժերը եւ անոնց թշնամական քաղաքականութիւնը, ներառեալ Սուրիոյ ժողովուրդին պարտադրուած պատժամիջոցները, հիմնական պատճառը կը հանդիսանան ժողովուրդին տառապանքին եւ երկրի տագնապին երկարաձգման։ Սուսան անհրաժեշտ համարեց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնել եւ պարտադրել զիրենք գործադրելու Ասթանայի նախորդ ժողովներուն ռուսական կողմին հետ իրենց համաձայնութիւնները։ Հարկ համարուեցաւ ամէնէն կարճ ժամանակամոջոցին վերջ տալ սուրիական հողերուն վրայ թրքական ուժերուն ապօրինի ներկայութեան։ Մարդասիրական օժանդակութիւններուն անդրադառնալով, Սուսան շեշտեց, որ առանց սուրիական կառավարութեան արտօնութեան սահմանէն ապօրինի մուտք գործած օժանդակութիւնները կը հակասեն Սուրիոյ սահմանադրութեան սկզբունքներուն եւ յայտնեց, որ արեւմտեան երկիրներ իրենց այս ընթացքով կը հակասեն ՄԱԿ-ի 2585 թուակիր պայմանագիրին, որ հարկ կը համարէ երկիրներու գերիշխանութեան պահպանումը։ Ան հաստատեց, որ սուրիական պետութիւնը մարդասիրական օժանդակութիւններ կը տրամադրէ ժողովուրդին առանց խտրութեան։ Իր կարգին Լաւրենթեւ հաստատեց, որ Ռուսիա երբեք չընդունիր Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը հարուածող ծրագիրները, ապա կոչ ուղղեց ջանքերը բազմացնելու եւ արեւմուտքի երկիրներուն ոտնձգութիւններուն դէմ դնելու։ Կողմերը համակարծիք էին տագնապի քաղաքական լուծման գծով։ Անոնք շեշտեցին, որ սուրիական սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբին աշխատանքները զերծ պէտք է պահուին արտաքին միջամտութիւններէ։ Երեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Ղազախստանի Նուր Սուլթան մայրաքաղաքին մէջ սկիզբ առած Ասթանայի բանակցութիւններու 17-րդ ժողովին մասնակցեցան, Սուրիոյ Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, Ասթանայի գործընթացի հովանաւոր պետութիւնները՝ Ռուսիա, Իրան եւ Թուրքիա։ Իրանեան պատուիրակութիւնը նախագահեց՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական յատուկ հարցերու օգնական Ալի Ասղար Խաճի, իսկ թրքական պատուիրակութիւնը նախագահեց՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական յարաբերութիւնները ընդհանուր տնօրէն Օնալ Սելճուք։ Մասնակցեցան նաեւ, Լիբանանէն, Յորդանանէն եւ Իրաքէն դեսպաններ՝ որպէս հսկող կողմեր, ՄԱԿ-ի պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ՝ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի փոխբանագնաց Խաուլա Մաթար, «զինեալ ընդդիմադիր» կոչուող խմբաւորումներուն պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչներ։ Այս անգամ Ասթանայի բանակցութիւններու սոյն ժողովը ընդհանուր ժողովով պիտի չփակուի, ինչպէս նախորդ ժողովները, այլ ժողովին եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը համացանցի միջոցաւ պիտի հրապարակուի՝ պայմանաւորուելով պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման միջոցներով։