Երեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2021-ին, ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց Պասսամ Սապպաղ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին կոչ ուղղեց Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներուն եւ սուրիական տարածքներուն վրայ ամերիկեան, թրքական եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ապօրինի ներկայութեան վերջ դնելու։ Սապպաղ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական իրավիճակին շուրջ ՄԱԿ-ի քարտուղարին զեկոյցը անտեսեց ԱՄՆ-ի պարտադրած պատժամիջոցներուն աղէտալի հետեւանքները, որոնցմէ կը տառապի Սուրիոյ ժողովուրդը։ Ան շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը պէտք է անմիջապէս վերջ տայ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ թրքական ուժերու ոտնձգութիւններուն, աւելցնելով, որ Սուրիա յօժարեցաւ ՄԱԿ-ի առաջարկած «Վեցամսեայ ծրագիր»ին, որուն համաձայն պարենային եւ այլ օժանդակութիւններ Սուրիա հասան Համաշխարհային Պարէնի Ծրագիրին եւ «ԻւՆԻՍԵՖ»-ի կողմէ։ Ան շեշտեց, որ սուրիական պետութիւնը լրջօրէն գործակցեցաւ ՄԱԿ-ին հետ եւ իր ստորագրած համաձայնութիւնը լրիւ գործադրեց, ցաւօք սակայն, ՄԱԿ-ի քարտուղարի զեկոյցին մէջ այս բոլորը անաչառօրէն չյիշուեցան։ Ան եզրափակելով հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն վերջ տալու համար հարկ է զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները, յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ը, «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ն վտարել ամէն միջոցներով, նոյնպէս հարկ է դուրս մղել թրքական եւ ամերիկեան ուժերը։