Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Գամիշլիի Հայ համայնքին այցելութիւն տուաւ Անտիոքի Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ն.Ա.Տ. Իգնատիոս Իւսէֆ Գ. Իւնան Պատրիարքը եւ ջերմօրէն ընդունուեցաւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, թաղականութեան անդամներու, ազգայիներու եւ ժողովուրդին կողմէ։
Պատրիարքը նախ թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ ձէթի օրհնութիւն՝ հիւր պատրիարքի, ուղեկից եպիսկոպոսներու եւ հոգեւոր հայրերու կողմէ։
Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հայր սուրբը իր արտասանած խօսքին մէջ փոխանցեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները, ապա Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի ողջոյնները։
Իսկ ասորի կաթոլիկ պատրիարքը նախ եղբայրական ջերմ ողջոյններ յղեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մաղթելով արեւշատ օրեր եւ առողջ կեանք։ Ան շեշտեց երկու հոգեւոր պետերու միջեւ առկայ եղբայրական ջերմ յարաբերութիւնը, ապա շնորհակալական եւ գնահատական խօսքեր արտասանեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին եւ գամիշլիահայութեան։ Ապա իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին՝ քաջալերելով զիրենք եւ գնահատեց իրենց կապուածութիւնը սուրիական հողին եւ հայ եկեղեցւոյ։
 
Ձէթի օրհնութենէն ետք, Իգնատիոս Իւսէֆ Գ. Իւնան պատրիարք հայրը եւ ընկերակից Ասորի Ուղղափառ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մորիս Եպս. Ամսիհը, Ասորի Կաթողիկէ Առաջնորդ Գերպ. Տ. Ժոզէֆ Շամմունը, Իրաքի Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընդհանուր պատասխանատու Գերշ. Տ. Պետրոս Եպս. Մուշէն եւ Հոգեւորականաց դասը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ական սկաուտներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան փոխանորդարանի դահլիճ։
 
Այստեղ եւս բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հայր սուրբը յանուն գամիշլիահայութեան գեղեցիկ լանջախաչ մը նուիրեց պատրիարքին։ Հիւր պատրիարքը գնահատելով Հայ ժողովուրդը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով այս ջերմ ընդունելութեան համար, իր կարգին յուշանուէր մը յանձնեց հոգեշնորհ հայր սուրբին։