Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի հեռաձայնային զրոյց ունեցած են` քննարկելով շարք մը հարցեր: Անոնք անդրադարձած են տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, երկու դրացի երկիրներու յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման: Հայաստանի վարչապետն ու Իրանի նախագահը ընդգծած են տնտեսական կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն սերտ գործակցութեան կարեւորութիւնը: