“Երկիր”._ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը յայտնած է, որ Ֆրանսա կը շարունակէ գործել ի նպաստ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան, հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ՛ Եւրոմիութեան գործակցութեան ամրապնդման: «Ֆրանսայի դեսպանը եւ դեսպանութեան ամբողջ անձնակազմը հայ ժողովուրդին կը յղեն խաղաղութեան, երջանկութեան, բարգաւաճումի իրենց բարեմաղթանքները 2022 տարուան համար։ Ֆրանսա, որ վերջերս ստանձնած է Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նախագահութիւնը, կը շարունակէ գործել ի նպաստ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան, հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան գործակցութեան ամրապնդման», ըսուած է գրառումին մէջ: