Հայ ազգը թերեւս միակն է, որուն բանաստեղծները Կաղանդի մասին այսքան քերթուածներ գրած ըլլան: Անշուշտ ամէնէն մեծ թիւով քերթուածները գրուած են Հայաստանի մասին, մասնաւորաբար անոր մայրաքաղաքին՝ Երեւանի մասին: Քիչ չեն սակայն Կաղանդի նուիրուած բանաստեղծութիւնները, որոնցմէ փունջ մը կը ներկայացնենք ձեզի այսօր:
Ես չեմ հանդիպած անգլերէն կամ ֆրանսերէն քերթուածներու, որոնք նուիրուած ըլլան Կաղանդին: Թերեւս կան, բայց ինծի ծանօթ չեն:
Այս երեւոյթին առջեւ եթէ պահ մը կենանք, առաջին հարցումը, որ պիտի տանք պիտի ըլլայ՝ ինչո՞ւ կաղանդի մասին բանաստեղծութիւն գրել:
Կաղանդի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին շատ գրուած է, նշուած է թէ որո՛նք էին Կաղանդի յատուկ ուտեստները, թէ փոքրիկները ի՛նչ խաղեր կը խաղային եւ ի՛նչ տեսակի նուէրներ կը ստանային:
Աւելի ուշ, մարդիկ աւելի ճիշդը՝ գրագէտներ սկսան գրել իրենց մտորումները տարուան վերջաւորութեան, հաշուեյարդար մը ընել անցածին եւ արձանագրել իրենց յոյսերն ու ծրագիրները գալիք տարուան համար:
Նոյնիսկ կաղանդչէքեր գրելու սովորութիւնը տարածուած էր եւ հասկնալի. կաղանդչէքը կարճ գրութիւն մըն է, ընդհանրապէս ծանօթ անձնաւորութեան մը ուղղուած, ուր հեղինակը ընդհանրապէս կը գովերգէ տուեալ անձը, երբեմն նաեւ կը ձաղկէ. այս բոլորը՝ երգիծական շունչով: Օրինակ եգիպտահայ Յարութիւն Մանավեան, որ ծանօթ էր Սարկաւագ անունով եւ երկար տարիներ հրատարակած է «Սարկաւագին Տարեցոյցը» անունով տարեգիրքերը, սովորութիւն ըրած էր կաղանդչէքեր յղել, որմէ քանի մը օրինակներ կը մէջբերեմ այստեղ, գրուած 1930-ին, «Սարկաւագին կաղանդչէքերը եգիպտահայերուն» խորագրով.
Գուշակեան Թորգոմ մեր հօր Սրբազան՝
Իր նոր հովուութեան մէկ նոր գաւազան.
Սիրունեան գիրուկ հայր սուրբին Մամբրէ՝
Համրիչ մը, որով որբին ցաւն համրէ.
Իսկ Գարակէօզեան Վարդանին տէր հօր՝
Քովը պահակ մը, որ ծեծ չուտէ նոր.
Ալիքսան պէյին, որ իսկ Ճէվահիր,
Փեսացու մ’աղուոր, որբուհիին իր.
Մելքոնեանին մեր կտակակատար,
Աշտարակ մ’հանող զինք փառքի կատար.
Իփէքեան Գէորգ մեծանուն հայուն՝
Սիկառի մէկ նոր ֆապրիք մնայուն.
Մանավեան աւելի ուշ, 1935-ին կը գրէ.
Անդրանիկեանին որ ճարտարագէտ
Բարեգործականը իրեն յենակէտ.
Երամեան Պօղոս Էնժէնիէօրին
Ա՛լ կարգուելու բաղձանք մը խորին.
Մազլումեանին Գէորգ պատուական անձին
Պահպանութիւն մեր ազգային գանձին.
Կոկանեան Լեւոն ֆապրիքաթէօրին
Ռամկավարներու յարգանքը խորին.
Եւ այսպէս շարքով եգիպտահայ բոլոր մեծ ու փոքր դէմքերուն Սարկաւագ կու տայ իր կաղանդչէքերը:
Ասիկա սովորութիւն մըն է, որ վաղուց արդէն մոռցուած է. բարեբախտաբար սակայն անոնք պահ տրուած են գիրքերուն եւ կարելի է զանոնք գրադարաններու մէջ գտնել:
Բայց ինչո՞ւ բանաստեղծութիւն գրել:
Ասիկա կարծես աւելի ուշ եկած սովորութիւն մըն է, եթէ նկատի չառնենք Գողթան երգերու մեր առաջին օրինակը՝ Նաւասարդին նուիրուած բանաստեղծութիւնը. Նաւասարդը հայկական օրացոյցին առաջին ամիսն էր, հայոց Նոր Տարին եւ կը համընկնէր մեր օրացոյցի 11 Օգոստոսին:
Ընդհանրապէս պոլսահայ բանաստեղծներն են, որոնք մեծ թիւով բանաստեղծութիւններ ունին Կաղանդին նուիրուած. այլ խօսքով՝ ասիկա սովորութիւն մըն է, որ սկսած է ծաղկիլ Սփիւռքի ծաղկումին հետ, մասնաւորաբար պոլսահայերուն քով:
Աւելի ուշ Սփիւռքի կարգ մը բանաստեղծներ եւս Կաղանդի նուիրուած քերթուածներ գրած են, ինչպէս Վեհանոյշ Թեքեան կամ Գրիգոր Հոթոյեան:
Արդեօ՞ք բոլոր դժբախտութիւններն ու տառապանքները, որոնք կրեր ենք մենք, մեզի տուեր են իրաւունքը տարին գոնէ մէկ անգամ ուրախ ըլլալու. եւ որովհետեւ այդ ուրախ ըլլալու առիթը շատ հազուագիւտ էր՝ տարին անգամ մը միայն, այդ մէկ անգամը թերեւս ուզած են ամուր կերպով դրոշմել միտքերուն մէջ, քերթուածի ձեւով:
Ինչպէս ըսինք սակայն, մեր բոլոր ուրախութիւններն ալ վերջաւորութեան տխրութեան վերածուեր են, ինչպէս կ’ըսէ Գէորգ Էմին իր քերթուածին մէջ, այդպէս ալ Կաղանդի քերթուածներուն մէջ յաճախ ափսոսանք կայ եւ տխրութիւն:
Թերեւս պատճառը այն է, որ հայերը, հակառակ իրենց շատ երազկոտ նկարագրին, լաւ կը զգան կեանքի անարդարութիւնը, եւ որքան ալ ճիգ թափեն, ի վերջոյ տխրութիւնը, որ կարծես արիւնով հասեր է մեզի 1915-էն ետք եւ քանի մը տասնամեակ անգամ մը մեզի կը յիշեցնէ ինքզինք (երկրաշարժ, Սումկայիթ, Արցախ 1, Արցախ 2), կը յաղթէ ուրախ ըլլալու մեր կամքին, ինչպէս որ Վ. Թեքեան կը գրէ իր «Կաղանդի Ծառ Մը» քերթուածին մէջ.
«Անհրաժեշտ է արդարութիւնը
բայց չի դարմաներ վէրքը»
Այլ օրինակ մըն է Զահրատի «Կաղանդ Պապային Մօրուքը», որ առաջին ընթերցումով այնքան պարզունակ կը թուի, սակայն եթէ փորձենք խորանալ, պիտի տեսնենք թէ մարդկային մեծ ողբերգութիւն մը կայ անոր տակ թաղուած՝ սովը, անօթութիւնը, որովհետեւ ի՞նչ իմաստ ունին Կաղանդ Պապային գալը, կամ բերելիք խաղալիքները, երբ մանուկները անօթի են եւ ճերմակ, փափուկ ու տաք հաց կ’երազեն:
Այլ քերթուած մը՝ Զահրատի «Կաղանդի Ծառ»ը կաղանդը կը կապէ մեր ցրւումին, միաժամանակ՝ մեր ուրախ ըլլալու յոյսին.
«Որպէսզի կաղանդ տօնենք տեւական
ուր որ գացինք
ուր որ գաղթեցինք
մեզի հետ
մեր ծառն ալ տարինք»
Այլ քերթուած մը՝ «Կաղանդի Գիշեր» կ’աւարտի այս տողով.
«Գոյատեւելո՛ւ տօնն է այս գիշեր…»
Իսկ «Ծառ» քերթուածը … կարծէք այսօրուան համար, մեր հազար-հազար զոհուած երիտասարդներուն եւ մեր մորմոքող ու անմխիթար սրտերուն համար գրուած ըլլար, յայտնատեսութեամբ, որ զարմանալի չէ, որովհետեւ կ’ըսեն թէ բանաստեղծները քիչ մըն ալ մարգարէներ են.
«Այդքան պերճանք – այդքան պչրանք – այդքան լոյս
Չեն բաւեր
Ծածկել արիւնը որ շիթ շիթ կը կաթի
ճիւղերէդ»
Բարեբախտաբար քերթուածը յուսատու շեշտ մը ունի իր աւարտին մէջ.
«Այսքան արիւն – այսքան արցունք – այսքան վիշտ
Չեն բաւեր
Որ մենք դարձեալ սիրտ չկախենք
ճիւղերէդ»
Մուշեղ Իշխան իր մինակութեան տրտմութիւնը կը բերէ Կաղանդի գիշերուան:
Իգնա Սարըասլան բաժակ կը բարձրացնէ բոլոր անոնց համար, որոնք կաղանդ պիտի չունենան եւ պիտի երթան աշխատելու:
Սփիւռքի երիտասարդ բանաստեղծներէն Յարվարդ (Յարութ Վարդանեան) եւս, ակնարկելով Սուրիոյ մէջ ծայր առած պատերազմին, կը գրէ իր «2013» խորագրուած քերթուածին մէջ.
«Հալէպի մէջ – այս տարի
Կաղանդի ծառ չշտկել
Գունաւոր մատիտ մը տաշել
Եւ չընդհատուող ու ոլորուն
Կեղեւին մէջն անոր
Եղեւին մը տեսնել յուսատու»
Սիամանթօ կը նկարագրէ Կաղանդի գիշերը հայ ընտանիքին մէջ եւ մեծ մօր օրհնութիւնները տան անդամներուն:
Իսկ Գրիգոր Հօթոյեան մանուկի մը լեզուով կը խնդրէ.
«Նորէ՛ն եկուր, կաղա՛նդ պապա, ամէն տարի անխափան,
Բայց մի՛ մոռնար աղաչանքը մանուկներու հայկազեան,
Եկող տարի իրագործէ երազները մեր պայծառ,
Որոնց համար մենք կ’աղօթենք ու կ’աղերսենք անդադար»:
Կը տեսնենք, որ բանաստեղծներուն համար Կաղանդի քերթուածները առիթ են պահ մը դադար առնելու, անդրադառնալու անցեալին, իրենց վիճակին, եւ հակառակ շրջապատի գորշութեան, անպայմա՛ն յոյսի շողով մը փակելու իրենց քերթուածը: Ի վերջոյ բանաստեղծները ո՛չ միայն արդարութեան մարտիկներ են, այլ նաեւ յոյսի զինուորներն են իրենց ժողովուրդին:
Մարուշ Երամեան