Պօղոս մեծցած էր չքաւոր ընտանիքի մը շուքին մէջ, երկու քոյրերուն՝ Եւգինին եւ Ազնիւին հետ…։ Ան հասակ նետած էր Օղլի գիւղի շրջակայքերու եւ լեռնալանջերու բարձրաբերձ ծառերուն հետ, ուր գլգլացող, հոսող ջուրերը ձիւնհալէն վերջ լեռներուն լանջերն ի վար կը թափէին, ուր ամպերուն կտորները կը վազէին արեւմուտքէն եկող եւ անձրեւով յղի երկնքին այտին վրայ, իսկ ձիւնասպիտակ ձիւնէ կապերտը լեռներու ծայրամասերուն վրայ տարածուած էր, եւ այդտեղ կանաչ շոճիի ծառերէն շրջանակ մը կար, գօտիի մը պէս՝ որ Հուրին «Տիգրան Թագաւոր»-ի եկեղեցիէն առած էր ու զայն մէջքին կապած։ Անոնք իրենց ձեռքերով գծագրութիւններ փորած էին, իրենց նուրբ ձեռքերով ծառատունկերը ջրած էին եւ այդ ծառատունկերը անոնց հետ մեծցած էի՜ն…։ Ա՜հ այդ թութին ծառը…, ի՜նչ համեղ էր թութին անուշահամ օշարակը… հապա՞ խնձորին օշարակը…։
Առաւօտեան «Ապու Պօղոս»-ը(3) դաշտերը կ’երթար հերկելու, հնձելու եւ վարուցանի համար։ Անոր կը տեսնէիր աշխատանքով կլանուած, մինչ ակօսները դէմքին վրայ հերկուած գիծերու պէս նախշուած էին, իսկ մազը դիւրաբեկ դարձած եւ քամիէն կտրտուած էր։ Բերքի առումով՝ տարին բարեբեր եղած էր, Պօղոսին հօրը դէմքին վրայ ուրախութեան նշաններ կային, թերեւս պարտքերը կը վճարէր եւ մնացեալով տունը կը նորոգէր, զաւակները մեծցած էին…։ Եղանակը ամառ էր, երբ որ ժանտարմաներու խումբ մը եկաւ, անոնց ընկերակցութեամբ. մուխթար(4) Ապու Շահինը…
-Բարե՛ւ ձեզ…։
Ապու Պօղոսը պատասխանեց.
-Եւ բարեւ ձեզ, բարի՞ն ըլլայ…։
Չաւուշը ըսաւ.
-Նորին մեծապատուութիւն սուլթանին հրամանով այս տարի բերքը պէ՛տք է գանձիչին յանձնէք, մե՛նք պատերազմական վիճակի մէջ ենք…։
Ապու Պօղոս պատասխանեց.
-Բայց…ես պարտքեր ունիմ։
Չաւուշը պոռաց.
-Լռէ՛, դուն մեր տիրոջ նորին մեծապատուութիւն սուլթանին հրամաննե՞րը կը մերժես, ով որ չի՛ վճարեր պետութեան դաւաճան կը նկատուի, պէտք է ընդառաջենք նորին մեծապատուութեան՝ սուլթանին հրամաններուն…։
Ապու Պօղոս պատասխանեց.
-Բաժին մը առէ՛ք եւ բաժին մը ձգեցէ՛ք պաշարի եւ սերմնացուի համար…։
Չաւուշը դաժանութեամբ եւ խստութեամբ գոռաց.
-Կաւո՜ւր(5), լռէ՛ այ տղայ…։
Ապա մտրակով հարուածեց, անձնաթուղթը պահանջեց եւ ըսաւ.
-Դուն օրինազանցութիւն կատարեցիր…։
Ապու Պօղոս պատասխանեց.
-Ես պատրաստ եմ…։
Իսկ Չաւուշ հեգնական ոճով մը պոռաց..
-Դուն միա՛յն գաւազանէն կը հասկնաս…, մենք երեք օրէն դարձեալ պիտի վերադառնանք…, հա՜։
* * *
Պօղոսին հայրը տուն դարձաւ, արիւնը ճակտէն կը հոսէր եւ փոշիին հետ միախառնուելով կզակէն վար երկա՜ր գիծի մը վերածուած էր…։
Հուրին հարցուց.
-Ի՞նչ ունիս…։
-Ոչի՜նչ… երբ ձին կը կապէի կից տուաւ ինծի…։
-Այս հարուածը գաւազանի հարուած է, ոտնահետք կամ ձիու հարուածի հետք չկայ, դէմքիդ վրայ տխրութեան նշաններ կ’երեւան…։
-Տիկի՛ն, Ադամի որդի էշ մը հարուածեց զիս…, բերքն ալ հետը գնաց…։
Հուրին զարմացած, լսածը տարօրինակ գտնելով հարց տուաւ.
-Մեղք է… Աստուած վկայ մեղք է…։
-Այո՛, տիկի՛ն…, սուլթանին ֆերմանը(6) հրահանգած է բերքը հաւաքել…, անոնք մեղքի զաւակներն են… պատերազմի զինահաւաք կը կատարեն…։ Եւ երկուքը միասնաբար յորդառատ արցունքներով լացին, մինչեւ որ անոնց այտերը արտասուքներէն թրջուեցան, իսկ փոքրիկները իրենց ծնողներուն հետ լացին, առանց գիտակցելու զիրենք շրջապատող գալիք վտանգին…։
Գիշերը իր սեւ ու խաւար մտրակը երկարած էր բլուրներուն եւ տարածուն լանջերուն վրայ…, բացի կալերուն վրայ շարժող քանի մը լոյսերէն՝ կամ փախուստ տալու համար սուլթանին ֆերմանէն եւ կամ բերքերը երնելու համար…։ Երկա՜ր գիշերուան վերարկուին տակ… եւ միջատներու յաջորդական տզզոցին հետ, որ ոստիկաններուն ձայնէն աւելի նուրբ չէր, փոքրիկները երկարեցան մահճակալին վրայ, առանց բառ մ’իսկ ըսելու, գիտակցելով թէ աղէտ մը պատահած է…։ Իրենց հօրը դէմքը կաղնիի եւ շոճիի ծառերէն աւելի խոժոռ էր, իսկ մօրը դէմքը աւելի խաւար էր քան փայտին մուրով պատուած կաթսային յատակը…։ Ո՞ւր գացին հերոսութեան մասին հեքիաթներն ու պատմութիւնները՝ Տիգրան թագաւորին եւ թագաւորական ստացուածքներուն մասին…, Պօղոսը տակաւին կը յիշէր Տիգրան թագաւորին պատմութիւնը հարեւանին հետ, երբ Հայոց Թագաւորը խնամիանալով անոր հետ, հայկական թագաւորութիւնը ընդարձակած էր լայնքին եւ երկայնքի՜ն…։
* * *
Մինչ ոստիկաններու շրջանակ մը գիւղի բնակչութեան կը հսկէր, գիւղացիները համախմբուեցան Նէր Սույի հարաւային անկիւնը։ Ոստիկաններէն մին կանգնեցաւ զկեռիի ծառին շուքին տակ եւ ամէնէն բարձր ձայնովը պոռաց.
-Յանուն մեր տիրոջ. նորին մեծապատուութիւն սուլթանին, պէ՛տք է սպանել բոլոր դաւաճան անհաւատները, պէ՛տք է զանոնք բնաջնջել, այրել եւ բռնաբարե՜լ…։
Առաջինին մօտ նիհարակազմ ուրիշ ոստիկան մը կանգնած էր, քառանկիւն դէմքով եւ շէկ մազերով, անխօս կեցած էր։ Հրացանները ուղղուեցան դէպի այդ փոքրիկներն ու կիները, պո՜ւմ, պո՜ւմ…, շատեր վիրաւորուած գետին ինկան, ուրիշներ՝ ահաբեկած։
Ոստիկաններէն երեքը խուժեցին անոնց վրայ եւ սկսան սուիններով շրջել դիակները, կիներուն հագուստները բզքտել, անոնց մարմնին պահուած մասերը բանալ… եւ խնդալ…։
Երբ Պօղոս ասիկա տեսաւ խելագարեցաւ եւ զգայազուրկ դարձաւ, ահա այսպէս մաքիներու պէս կը մեռնէր գիւղին ամբո՜ղջ բնակչութիւնը, նոյնիսկ մրջիւններու պէս, որոնց յիմարները այրած էին…։ Պօղոսը քիչ մը շարժեցաւ, մինչ կրակոցներու հեղեղ մը կալերուն մարմինը կը պատռտէր, մարմինը շօշափեց, այո, երկու հաւեր երբ որ կրակոցներուն ձայները լսած էին՝ հիւսիսային կողմէն դէպի կալը ցատկած էին, նոյնիսկ այս երկու հաւերը իրենց երկու հոգիներով իրեն համար լուռ մնացած էին, փա՜ռք Աստուծոյ, արիւնը հոսելով վազած էր գետնին վրայ եւ միախառնուած էր հողին հետ, միա՛յն տքոցի ու ցաւի ձայներ կը լսուէին։ Անոնք իրենց գիւղին թէեւ հրաժեշտ տուած էին, սակայն, նայուածքները կառչած մնացած էին հողին, հայրենիքին, անոնք ակօս մը փորած էին իրենց թանկագին մօրը ճակտին վրայ, այն հողին վրայ, որ գրկած էր արեամբ թաթաւուն իր զաւակները, որոնց հագուստները սուիններուն ծայրով պատռտուած էին, մերկ էին…, ամօթն ու ամօթխածութիւնը մեռած էին։ Վայրենի գազաններ եւ ոխակալ սիրտեր խռովարարութիւնը իրենց համար քաջագործութիւն դարձնելով՝ սպանութեամբ ստեղծագործած եւ մայրերուն դիմաց զաւակները սպանած էին, յետոյ հրացանները բարձրացուցած էին որպէս թէ քաջամարտիկներ էին…։ Անոնք պարտուելով հիւսիսն ու արեւմուտքը ձգած էին եւ առանց պատճառի պատերազմի ձեռնարկած էին, Պօղոսը այսպէս լսած էր իր հօրմէն, նաեւ լսած էր տարի մը առաջ մահացած մեծ հօրը՝ Սէրայտարեանին պատմութիւնները։
Ցորենի հատիկները Պօղոսին կոկորդին մէջ կեցա՜ն, նոյնպէս արցունքը աչքին մէջ, ձեռքը փորին վրայ դրաւ. «Բայց բաւակա՜ն է պահանջքդ, նայէ՛ անոնց, ինչո՞ւ մեռան, ո՞ւր են մեռեալներուն զէնքերը, ո՞ւր են տղամարդիկը, անիրաւութենէն փախուստ տալով անոնք ո՞ւր գացին հովիտներուն ճիւղաւորումներուն մէջ, եւ հիմա այլեւս պիտի չվերադառնա՜ն, իսկ եթէ վերադառնան ի՞նչ պիտի տեսնեն բացի դիակներէն, հրդեհներէն եւ արիւնէ՜ն…»։
Արեան մնացորդացը տակաւին կախուած էր երեք ոստիկաններուն կօշիկներէն, եւ անոնց ոտնահետքերը տակաւին փոքրիկներուն ձեռքերուն վրայ կ’երեւային։ Այդ նուրբ ձեռքերը կոտրտուած էի՜ն։
Եւ ուրիշ պատկեր մը փորուած էր Պօղոսին գլխու պատերուն վրայ՝ արիւնով ու սարսափով գծուած, երբ ոստիկանը ոտքով կից մը տուած էր այդ երիտասարդ կնոջ անխօս մարմնին եւ սուինով հագուստը պատռած էր, սակայն հոգիին մնացորդացը տակաւին կ’անցնէր կնոջ երակներուն մէջէն, մրափէն արթննալով հարուածած էր ոստիկանին երկու սրունքներուն միջեւ, որ բորենիի պէս պոռալով կնոջ վրայ իջած էր սուինին հարուածներովը դաշունահարելո՜վ ու դաշունահարելո՜վ, կնոջ մարմինը շարժած էր հարուածներուն հետ վար իջնելո՜վ եւ վեր ելլելո՜վ, մինչեւ որ մարմինը անշնչացած էր եւ հոգին յանձնած էր իր Արդարին, կինը պատւոյն նահատակը եղած է՜ր։ Այդ շէկ ոստիկանը խնդացած էր, միւսը կողքին կանգնած էր կռուազան գայլի մը պէս գաւազանը անութին տակ, գլուխը բարձրացուցած եւ դէպի արեւելք ուղղուած, անոնք այդ դիակները իրենց ետին ձգելով գացած էի՜ն, գետնին մակերեսը ներկուած էր արիւնով, բզքտուած հագուստներով, աչքերուն մէջ սառած արցունքներով եւ գութ հայցող բա՜ց ափերով…, սակայն անկարելի էր, որ պազալթի ժայռի պէս կարծր սիրտերը գութ ունենային…։
* * *
Արեւուն ջերմաստիճանը քիչ մը նուազած էր, ստուերները տարածուած էին ուռուցիկ հագուստներու պէս եւ երկա՜ր թեւերու նման, որոնք անցած էին ձորերուն մէջէն մինչեւ որ ծածկած էին լեռնալանջերն ու բլուրները, եւ քամիին վազող զեփիւռները իրենց նուրբ մատներով հպած էին դիակներուն, որոնցմէ արեան հոտ կը բուրէր, իսկ պիծակներու ու ճանճերու երամները յարձակած էին անոնց վրայ։ Յանկարծ Պօղոսը շուն մը տեսաւ, որ կը դեգերէր դիակներուն մէջ զանոնք հոտուըտալով, շունը քիչ մը կեցաւ եւ ապա փախուստ տուաւ, Պօղոսը զարմացա՜ւ, տարօրինակ է՜ր այս շունին վիճակը, արդեօ՞ք փախուստի դիմած էր իր տէրը ճանչնալո՞վ, թէ վախցած էր սպանեալներուն թիւէն, կամ ալ աւելի գութ ունէր քան այդ ոստիկանները…։
Խաւարին վերարկուն աւելի՜ ու աւելի՜ երկարեցաւ, ո՞ւր երթար Պօղոս։ Ան երկար մտածեց, ո՞ւր էին հայրն ու մայրը, ո՞ւր էին քոյրերը, անիծեալ ըլլար իր խաղամոլութիւնը, թերեւս աւելի լաւ կ’ըլլար եթէ ինք եւս տեսնէր ոստիկաններուն եւ սպանեալներուն պատկերը, գուցէ անոնք իրեն ալ կը սպանէին, իրեն ալ հաւու մը պէս կը մորթէին, եւ կամ փոքր թռչունի մը պէս՝ որուն ինք քարով կը զարնէր թութ կամ խաղող կերած պահուն…։
Պօղոս մարմինը դուրս քաշեց յարդակոյտին մէջէն, հոս ու հոն զննեց թերեւս բան մը կը տեսնէր, ձեռքը երկարեց ձիուն ճարակի տոպրակին եւ գութանին ծայրի գաւազանին, տոպրակը իր հետ առաւ, գուցէ մօրը կամ քոյրերուն զգեստները կը տեսնէր եւ հետը կը վերցնէր, գութանին կապուած ձիուն սանձը առաւ, նայուածքները նետեց այդ անշարժ երկարած կիներուն վրայ, իր մայրը տեսաւ որ նոյնպէս անշարժ էր, աչքերէն մէկը բացուած էր դէպի հարաւ՝ Զկեռիի ձորին կողմը, խելակորոյս եղաւ, սկսաւ աղեխարշ կերպով լալ, ձեռքը դէպի մօրը կուրծքը երկարեց, ջերմութիւն եւ գուրգուրանք չզգաց՝ բացի խաչին հետ ոսկի շղթայէ մը եւ զայն վերցուց, յետոյ նաեւ անոր մէջքի սպիտակ գօտին առաւ, «Եկեղեցիի՛ն Գօտին», եկեղեցին գացած էր, պատերազմն ու ռումբերը անոր սպիտակ ծածկոյթը պատռտած էի՜ն, հիմա եկեղեցին բարձր լեռներուն ետեւէն՝ արեւմուտքէն եկող անիրաւութեան եւ խաւարին քօղը հագած էր։
Պօղոսը կօշիկին մէկ հատը վերցուց, միւսը չտեսաւ, արագօրէն դէպի հարաւ քալեց, իր ճամբան հովիտներուն մէջէն ճեղքելով…։
* * *
Առատ ստուերներով եւ պտուղներով խիտ կաղնիի ծառին տակ, մինչ ջուրերը լերան լանջէն դէպի հարաւ կը հոսէին, կարգ մը կիներ ծառերուն մէջ շրջագայեցան, որպէսզի քիչ մը չոր փայտի կոճղեր հաւաքեն հաց թխելու համար։
Անօթութեան ու ճամբորդութեան տաժանքին պատկերին դիմաց Պօղոս քունի անձնատուր եղած էր…, ակնթարթներու մէջ գացած էր տպազիոնէ(7) աշխարհ մը, ուր ոչ կապանքներ կային, ոչ ալ սահմաններ, եւ շրջած էր Օղլի գիւղի երկնքին մէջ։ Պօղոսը պատկերացուցած էր իր տունը, քոյրերն ու գիւղէն իր բարեկամները, թէ ինչպէս իր պարսատիկին քարով սպանած էր հաւը եւ որուն համար պատժուած էր մօրը կողմէ, պատկերացուցած էր փայտէ սիւներուն շարքերն ու տախտակէ նստարանը, Ս. Մարիամ Կոյսին նկարը սենեակին արեւելեան պատին վրայ պատուհանին մօտ, յետոյ թմբիի ծառին ճիւղը, կապոյտ ուլունքը եւ կաւէ կուժը, որ կոտրուած էր ցորենի դէզերուն միջեւ՝ երբ ինք քոյրերուն ետեւէն կը վազվզէր, բայց մօրը գաւազանը իրեն հանդէպ յանդուգն եղած էր, եւ ինք այդ օր մինչ կանգնած կը պոռա՜ր վախը սրտին մէջ, իր կողքին «մեծ կինը»՝ Միրվինը կանգնած էր…։
Պօղոս շուրջը նայեցաւ, վարագոյրն ու քօղը քաշեց աչքերուն վրայէն ըսելով. «Երանի թէ երազը երկարէր…», թերեւս ծնողներն ու հարազատները ողջ էին, այո՛, ի՜նչ անուշիկ էիք, սիրելի՛ քոյրերս Եւգին եւ Ազնիւ, ես  կրնա՞մ մոռնալ ձեր դէմքին պատկերը, մինչ հիւանդ մայրս մերժած էր մեկնիլ եւ Օղլի գիւղին գետինը ոռոգած էր իր արիւնով, եւ հայրս, որ սակաւախօս էր, իր գիտակցութեան շնորհիւ լուռ մնացած էր, որպէսզի չխօսէր եւ շարժում մը չկատարէր, ո՞ւր էր հօրս էշը, անոր կարմիր շունը, արդեօ՞ք ոստիկանները սպանած էին զայն, կամ  իրեն պէս կենդանին գիւղը ձգած եւ անտուն մնացած էր, արդեօք ո՞վ կը կերակրէր շունը, ոստիկանները մարդը չէին կերակրեր, ինչպէ՞ս թէ կենդանին կերակրէի՜ն…։ Ահա եւ Ճորճիպը, աղջիկը հիւանդ է՜ր, մահամե՜րձ, աչքերը մարած էին եւ դէմքին թարմութիւնը թոշնած էր եւ միայն մէկ շարժում կ’ընէր, ո՞ւր է Ս. Հոգին եւ ո՞ւր է Յիսուս Քրիստոսը, ահաւասիկ մեր երկիրը ձգելո՜վ կը մեկնինք, ինչպէս որ Յիսուս Քրիստոս Բեթղեհէմը ձգած էր, պատմութիւնը երկրորդ անգամ կը վերադառնայ, անիրաւը իր բռնութիւնը մեր Տիրոջ վրայ գործադրած էր եւ հիմա անոնց թոռները իրենց պապերուն նոյն բռնակալութիւնները կը գործադրէի՜ն…։
Ապա Պօղոսը խուզարկու նայուածքները նետեց ամրօրէն ինքնիրեն փարած սաղարթախիտ կաղնիին, անտառը կ’եռար կաղնիի եւ շոճիի ծառերով, այս աստուածային գեղեցկութիւնը կրնար այրի՜լ ածխացած փայտի կրակով մը, որ հովիւ մը ձգած էր եւ կամ ածուխ արտադրող մը, կամ ալ որսորդ մը։ Նոյնպէս այդ ժողովուրդները բաժանումի կրակը վառած էի՜ն, կողմերը իրարմէ հեռացած էին բոցին կայծերով՝ զորս թշնամին արծարծած էր եւ վարձկան մարդիկ զայն գործադրած էին, անոնք իրենց իսկ զաւակները սպանած էին, այնպէս ինչպէս որ կատուները իրենց ձագերը կ’ուտէի՜ն, կամ թռչունի մը պէս, որ իր հաւկիթը կ’ուտէ՜ր։
Եւ Պօղոսը իր ճամբան շարունակե՜ց դէպի կաղնիներու անտառը, որ շրջանականաձեւ գլխարկ մը ունէր, բուրդէ կլոր գլխարկներ դրած ճաղատ գլուխներու նման…։ Եւ արեւելեան կողմէն շոգեկառքին երկաթուղագիծը կ’երկարէ՜ր բարձր ու երկար իր կամուրջով, քանի՞ անգամ օսմանեան բանակը այս երկաթուղագիծէն անցած էր երթալով արաբական, իսլամական վիլայէթները, նաեւ դէպի Հիճազ ու Երուսաղէմ, յիշեցնելով ժամանակ մը եկեղեցւոյ քահանայէն ինչ որ սորված էր, եթէ շոգեկառքը վերէն վար իյնար ճամբորդներուն ի՞նչ կ’ըլլա՜ր, ա՜հ…, եթէ միա՛յն կարենար պայթեցնել այս ճանապարհը եւ կապը խզել զինուորներուն միջեւ, ասոնց մեղքը ի՞նչ է՜ր…։
Վարձկաննե՜ր… վարձկաննե՜ր…, իսկական հրոսակախումբը անոնց վրայ է, արեւմտեան ամպերուն ետին, անպայմա՛ն, յանկարծ ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր են անոնք… «Ո՜վ թափառական՝ այս միտքերը վանէ՛…»,և ըսաւ Պօղոս ինքնիրեն, «ո՞ւր ես դուն հիմա, դո՛ւն հիմա կաղնիի եւ շոճիի անտառի մը մէջն ես, եւ երկրի մը մէջ՝ որուն առաջուընէ չէիր գիտե՜ր, անիկա Սուրիոյ «Հալէպ»-ի վիլայէթն է, հնուց ի վեր հին ու ջերմ կապ մը կար Հալէպի Վիլայէթին եւ Այնթապի, Քիլիսի ու Տիար Պէքըրի միջեւ, հին՝ երկրին հնութեամբ…, վաճառականական յարաբերութիւններ, կարաւաններ անցած էին այս ընդարձակ ու կանաչ երկրէն…»։ Ուանէսը (Յովհաննէսը) նայեցաւ Պօղոսին, այս տղան որ տասներկու տարիքը չէր բոլորած տարօրինակ է՜ր, մտածումը կը գերադասէր մարմինը…։
Հանգիստի դադարէն վերջ գաղթականները որոշեցին մեկնիլ՝ վախնալով ոստիկաններէն կամ օսմանեան բանակի մարդոց հետապնդումէն, եթէ շոգեկառք նստէին հաւանաբար բանակին կողմէ նկատուէին, ուրեմն քալելով երթալը աւելի լաւ էր, անտառը ոստիկաններէն աւելի գթոտ էր։ Անոնք իրենց ետին նայեցան, Թորոսի լեռնաշղթային սպիտակ գագաթներուն, մինչ ամպերուն թափանցիկ վերարկուն հարսի մը պէս էր՝ որ դէմքը ծածկած էր…։
* * *
Այս անգամ ճամբորդութիւնը դէպի երկրորդ աշխարհ մըն էր, մօրմէն հեռու, այն մայրը, որ գրկած եւ յետոյ փորը վիրաւորուած էր սուիններուն լեզուներով, իսկ անմեղութեան թաղանթը պատռուած էր  հայհոյանքներով ու վիրաւորական բառերով, զորս ճեղքած էին գանկերուն պատերը եւ թարմ դէմքերը արատաւորած էին նահատակներուն արիւնով…, Խոճային(8) պատմութիւններն ու հեքիաթները գլխու մազերուն թիւով էին, եթէ գետինը խօսէր երկինքէն յորդառատ արցունքներ կը տեղայի՜ն…։
Դէպի հարաւ որոշ ճամբայ մը կտրելէ վերջ, անտառէն վերջանալով գաղթականները իրենք զիրենք գտած էին փոքր գիւղի մը մէջ, եւ յոգնութենէն ուժասպառ շոգեկառքի կայարանին մէջ քանի մը ժամ սպասած էին։ Ու հիւանդ կինը մահացած էր, ա՛յո, ան թաղուած էր հողին տակ միւսներուն պէս առանց թաղմանական արարողութեան, կենդանիներու պէս, ա՜հ… ի՜նչ տաժանելի էր այս թշուառ կեանքը, մահը աւելի հեշտ էր ու պատուաբեր, քան՝ անիրաւութիւնը։ Կին մը եկած էր՝ որուն տարիքը կէս դարը անցած էր, դէմքին վրայ գարնան գեղատեսիլ տեսքը չորցած էր եւ աշնանային դիմագծութեան վրայ ճիւղաւորումներ ու հովիտներ կը տեսնուէին, ան ըսած էր.
-Այս դժբախտ փոքրիկ աղջիկը ինծի տուէ՛ք, ես անոր մօրը պէս եմ, իմ անունս Նազօ է, ես Հաճ գիւղէն եմ, երբ որ կ’ուզէք եկէ՛ք ու աղջիկը ետ առէ՛ք…։
Պարոն Ուանէս համաձայն գտնուած էր, եւ այսպէս Մարիամ այդ կնոջ հետ գացած էր, կինը մահէն ու հիւանդութենէն աւելի լաւ էր, դէպի արեւելք ուղղուած էր փոքրիկ աղջնակը ձեռքերուն մէջ ու կուրծքին վրայ սեղմած։ Մարիամը մսած էր, յետոյ քի՜չ-քի՜չ կնոջ աշնանային դէմքին վարժուած էր՝ մինչեւ որ անոր հետ հասակ նետած էր…։
Երբ որ Մարիամը պարմանուհի մը եւ ապա երիտասարդուհի դարձաւ, չինական սիրուն յախճապակիէ ծաղկամանի մը մէջ զետեղուած բուրումնաւէտ վարդի մը նմանեցաւ…, կախարդիչ ու զգլխիչ գեղեցկութեամբ մը, որ երիտասարդներուն կը մղէր ձեռքը խնդրելու, սակայն Նազօն կը մերժէր անոնց, ան Մարիամին ամէն բանէ աւելի՜ կը սիրէր, իսկ Նազոյին ամուսինը Մարիամին իր հարազատ աղջիկէն աւելի սիրած էր։ Մարիամին գեղեցկութեան մասին առակի պէս կը խօսուէր՝ որպէս լուսաւոր կայծ մը ու լուսատու ճրագ մը…, Նազօն երիտասարդներուն կողմէ յարգելի կին մը դարձած էր, վերջապէս Մարիամին նշանեց իր եղբօրը տղուն Մուհամմէտին հետ, հարսանիքը տեղի ունեցաւ երեք օր ու երեք գիշեր, անիկա զարդարուած էր ժողովրդային երգով ու պարով, եւ թմբուկի ու սրինգի ձայներով…։
Իսկ Մարիամը մոռցած էր իր մանկութիւնը, յիշատակներու միա՛յն մաշած գիծեր հազիւ թէ կ’երեւային աչքին ոսպնեակին դիմաց, այսուհանդերձ զանոնք կրկնելով անոնցմէ քանի մը հատը կը տեսնէր…։ Եւ Մարիամը ամուսնական կեանք մտած էր, հասակ նետած էր գիւղին գոգը եւ հաստատուած էր մօրը՝ Նազոյին տան մօտ։ Ինչպէս նաեւ, երբ որ ան երբեմն ականջ կու տար, կը յիշեր թէ ինք հայուհի մըն էր, անոր իմաստը չէր գիտցած մինչեւ որ ամուսնանալով «մեծցած էր…», իրօք ինքը հայուհի մըն էր, յատուկ լեզուով ու տարբեր ազգութեամբ մը, մայրը քրիստոնեայ է՜ր, սակայն ինք այս նոր ընտանիքը կազմած էր, ո՛չ մէկ օր զգացած էր թէ արհամարհուած եւ կամ օտարական մըն էր, այլ ուրիշներէ աւելի մեծարուած ու յարգուա՜ծ էր…։ Մարիամ կը սիրէր իր ամուսինը եւ երկու զաւակներ ծննդաբերած էր, բայց որքա՜ն որ տարիքը կ’առնէր հոգը հետը կը մեծնար, ո՞ւր էին ծնողները, ո՞ւր էր հայրենիքը, այն աստիճան, որ նաեւ ամուսինը սկսած էր իր հետ մտածել, նոյնպէս երկու զաւակները։
Բայց ո՞ւր էին այդ օրերուն ետեւէն եկող արեւն ու փայլատակող լոյսը՝ որպէսզի հարազատներուն մասին քիչ մը խօսէի՜ն, նոյնիսկ Ուանէս հօրեղբօր եւ անիրաւութենէն ու ապականացած ցեղապաշտութեան երկրաշարժին ենթարկուած՝ ներկայի խումբին մասին խօսէի՜ն, ա՛յն երկրաշարժը՝ որ ընտանիքները ցրուեց եւ պատմութիւնը ծաղրողներուն ձեռքերով հազարաւո՜ր մարդոց սպանեց…, անոնք մարդկութիւնը այրեցին տգիտութեան կոթողին վրայ, նուիրականութիւնները սրբապղծեցին ու կապուած մնացին արեւմտեան թշնամիին ժառանգութիւններուն հետ…։
Եւ Մարիամը այս բոլորը կը յիշէ՜ր, մինչ արտասուքները սպիտակ այտերը կը լուային, իսկ աչքերուն կապոյտը կանաչ ծառի տերեւին պէս կը ճզմուէր լողքարին տակ, դրացի Հիւսէյնին տանիքին վրայ։ Ա՜հ… այրուածքը Մարիամին հրավառած սիրտը կը տաղէր բաժանումէն ու օտարութենէն, բացի ամուսինէն, երկու զաւակներէն, նոր մօրմէն, որ գերեզմանին մօտեցած էր եւ հօրմէն՝ որ տարինե՜ր առաջ մահացած էր։
Ամէն անգամ, որ շոգեկառքը կ’ուղղուէր դէպի Մէյտան Էքպէզ եւ մինչ ծուխը ծխնելոյզէն ոլորապտոյտ կը բարձրանար, Մարիամ ծնողքը կը յիշէ՜ր, որքա՜ն շատ էին շոգեկառքին գնացքները եւ իր սիրտը շոգեկառքին ծուխին սեւ մուրովը ներկուած էր։ Ահաւասիկ շոգեկառքը ամէ՛ն օր կը սողար մետաղեայ անիւներուն վրայ եւ բարձր կը պոռար ճը՜ք…ճը՜ք…ճը՜ք…, մինչ երկաթուղագիծը կը ցնցուէր ամրացուած տախտակներով հանդերձ, դեռ երէկ նորածինը մօրմէն բաժնուած եւ անոր լեարդը անդամահատուած էր մօրը դիմաց, որովայնները ճեղքուած էին եւ աղիքները ճամբաներուն վրայ թափուած էի՜ն…։ Այսպէս յիշատակը մնացած էր իբրեւ հանդիպման յոյսի բարձ մը, սակայն հիւանդութիւնը արեւմտեան քամիներուն պէս դէպի Մարիամը աճապարած էր, մինչեւ որ կայծակնային մահը հասած էր…։ Ան մահուան հետ գացած էր յոյսը իր հետ գերեզմանին մէջ քնացած էր, իսկ գերեզմանի վկան անոր երազները կը պատմէ՜ր…։
Երկրորդ խումբը ճամբան շարունակած էր դէպի Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ Ուանէս հօրեղբայրը երեք տարի Մըըրաթա գիւղը մնացած էր, նոյնպէս Յարութը՝ իր եղբայրներուն հետ Հաճ Ահմէտին տունը կայք հաստատած էին, երկու ուրիշներ Պէյիւք Էօյէ գիւղը հաստատուած էին, փոքրիկ մանչ մը ու աղջնակ մը Հաճ Համտոյին տունը մնացած էին, յետոյ անոնցմէ երիտասարդը ամուսնանալէն վերջ՝ Մաապաթլի գիւղը տեղափոխուած էր, իսկ աղջիկը կէս դարը չբոլորած մահացած էր…։
* * *
Այսպիսով հազարաւորնե՜ր այս խումբերէն ու ընտանիքներէն, որոնք բռնի կերպով մեկնած էին իրենց հողերէն դէպի Սուրիա, Լիբանան, Եւրոպա ու Ամերիկա, որպէս բեկորնե՜ր ցանուած էին հո՜ս ու հո՜ն, եւ պատմութիւնը անոնց կը նայէր թախծո՜տ աչքերով, սիրտերը կ’այրէին խոնաւութեան մակերեսը եւ յիշատակը կը մեռնէր հողին տա՜կ…։
Արդեօ՞ք պատմութիւնը երկրորդ անգամ պիտի հաւաքէ՞ր այս բեկորները, ահա գրեթէ դար մը եղած էր եւ ահա Պօղոսը՝ կը դառնար կեանքի յորձանուտին մէջ։ Ան նախ իբրեւ գործաւոր աշխատած էր ջրաղացին մէջ, յետոյ իբրեւ երկաթագործ՝ ուր հնոցը կը շնչէր եւ կ’արտաշնչէր, մինչ բոցավառած կուրծքին կրակը կ’աւելնա՜ր, ապա կեանքը շարունակած էր որպէս նորոգիչ, յետոյ իբրեւ մածոյթի վարպետ եւ նաեւ ճախարակագործ, դրամ հաւաքած էր, բայց հիւանդութիւնը սպառած էր անոր։
Պօղոս երեք զաւակներ ունեցած էր՝ Կարապետ… Սագօ… Ժորժէ՜թ…։
Հալէպի Սուլէյմանիէ թաղամասի այդ փոքրիկ սրճարանը եւ նոյնպէս նշանաւոր հանրային պարտէզին սրճարանը կը վկայէին Պօղոսի տառապանքներուն մասին…,         ա՛յն փայտէ աթոռն ու սեղանը կը վկայէին անոր ողբերգութիւններուն եւ վիշտերուն մասին…։
Եւ այդ երկա՜ր կլկլակը եւ շրթունքներէն դուրս ելլող ծուխը՝ կը պղտորէին Պօղոսին պայծառութիւնն ու սրճարանին երկինքը…, Պօղոսին նմանները շա՜տ էին…։
Եւ Յակոբը օր մը Պօղոսին ըսած էր.
-Եղբա՛յր, գիրքերն ու եկեղեցւոյ խրատները ձգէ՛, դրամն ու զաւակները գացի՜ն…, հողերը այրի մնացին…, մենք բեկորներ դարձանք հոս ու հոն, արդեօ՞ք այս թաղուած ոսկորները դարձեալ պիտի հաւաքուին եւ հոգի պիտի տրուի՞ անոնց, արդեօ՞ք վերակենդանացման օրը պիտի գայ…։
Պօղոս երկա՜ր նայած էր Յակոբին ամենայն վճռակամութեամբ, յետոյ պատասխանած էր.
-Ա՞յս է քու մտածելակերպդ, եթէ անտառը այրի, յաւիտեա՞նս ամայի կը մնայ, արդեօ՞ք սերմը կը մեռնի, եթէ կեանքին պտուղը առկայ է։ Իրաւունքը կը վերադառնայ նոյնիսկ ժամանակ մը վերջ, իրաւունքը՝ Աստուծոյ սուրբ անունն է եւ իրաւունքին համար կռուող մարդէն աւելի զօրաւորը չկա՜յ։ Մեր Տէրը Քրիստոս խաչուեցաւ, Յիսուսը չարչարեցին տգէտ ժողովուրդներու ձեռքերով, ծառը կը մեծնայ ու պտուղ կու տայ, իսկ թոռները կու գան, պտուղները կ’ուտեն եւ շուքին տակ կը հանգստանան…։
Ծանօթագրութիւններ
1.- Այս հատուածները քաղուած են՝ «ԲԵԿՈՐՆԵՐԸ-ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ ՀԱՅ ՊՕՂՈՍԻ ԿԵԱՆՔԷՆ» խորագրեալ վէպէն։ Հեղինակն է սուրիացի ժամանակակից գրող եւ վիպագիր Մուհամմէտ Շաքիպ Պաքըր։ Հեղինակը ծանօթ է իր հայանպաստ գրիչով, ան մարդկային յորդուն զգացումներով, մատչելի ոճով, երբեմն իրեն յատուկ այլաբանական արտայայտութիւններով կը պատմէ Մեծ Եղեռնի դառնութիւնները ճաշակած հայ Պօղոսի կեանքէն դրուագներ, տուեալ ժամանակի շրջագիծէն ներս, զորս խորքին մէջ քսաներորդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը ճաշակած՝ հայ ժողովուրդի զաւակներուն պատմութիւնն է, որ ներկայացուած է հարազատօրէն ու անկեղծութեամբ։ Վէպին մէջ,  լուսարձակի տակ առնուած է նաեւ օսմանեան դաժան լուծն ու սուրիացի ժողովուրդին ասպնջականութիւնը։
Գիրքը լոյս տեսած է 2008ին, (Ա. Տպագրութիւն), «Տար Ապտուլ Մունհէմ», Հրատարակչատունէն, Հալէպ-Սուրիա։
2.- Սուրիացի ժամանակակից գրող, վիպագիր եւ բանաստեղծ Մուհամմէտ Շաքիպ Պաքըր, ծնած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջանի Աֆրին աւանի՝ Գապիրա գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ուսումը շարունակած է Հալէպի մէջ, աւարտած է Հալէպի Համալսարանի՝ Ճարտարարուեստական Ուսումնարանը, ապա աշխատանքի անցած է շինարարական պետական ընկերութեան մը մէջ։ Գրական աշխարհ մուտք գործած է կանուխ տարիքին, իսկ սուրիական գրականութեան անդաստանէն ներս հանրայայտ անուն դարձած է՝ 1990-ական թուականներէն սկսեալ։ Մուհամմէտ Շաքիպ Պաքըրի հեղինակութիւններէն են. «Ճակատագրին Նաւահանգիստը» (վէպ), հրատարակութիւն՝ «Տար Ուլ-Միրսաթ», Լաթաքիա-Սուրիա, 1997։ «Աշնան Արցունքները» (բանաստեղծութիւն), հրատարակութիւն՝ «Տար Ուլ-Ագլամ», Պէյրութ-Լիբանան, 1998։ «Պայուսակի Մը Մէջ Գանձեր» (վէպ), 1998։ «Բեկորները-Արարներ Հայ Պօղոսին Կեանքէն» (վէպ), հրատարակութիւն՝ «Տար Ապտուլ Մունհէմ»ի, Հալէպ-Սուրիա, 2008։ «Սիրոյ Ջաղացքները» (վէպ), հրատարակութիւն՝ «Տար Ուլ-Միրսաթ», Լաթաքիա-Սուրիա։
3.- Արաբերէն՝ կը նշանակէ Պօղոսին հայրը։
4.- Արաբերէն՝ կը նշանակէ թաղապետ։
5.- Թրքերէն՝ կը նշանակէ հաւատուրաց, անհաւատ։
6.- Օսմանեան ժամանակաշրջանի՝ սուլթանական հրամանագիր։
7.- Դեղին զարդաքար։
8.- Ակնարկուած է՝ առակախօս Նասրատտին Խոճային։
Հեղինակ՝
Մուհամմէտ Շաքիպ Պաքըր(2)
ԱրաբերԷնէ Թարգմանեց
Հուրի Ազէզեան