Հալէպ, Թիլէլի Հոգետունէն ներս, փոքրիկ հայ որբուկ աղջիկներուն համար Կաղանդ պիտի տօնեն։ Պիտի գայ Կաղանդ Պապան։ Եկա՞ւ։
Կը հասնի ճշմարտութեան րոպէն, բոլորը ուրախ են, բացի Մարիամէն. անիկա կը սարսռայ, կը ճչայ Կաղանդ Պապան ի տես։ «Կաղանդ Պապային աչքերուն մէջ կար նոյն կայծը, որ խոպան անապատի մերկ եւ անանուն արեւէն էր, որուն ներքեւ ընթացաւ անասելին», մեկնաբանեց գիրուկ ու կարճուկ մայրիկ Նուշօն։
*
Մահուան կարաւանէն փրկուած խլեակ է Մարիամ… երկու փորձառու մանկավարժ մայրիկներ իրար աչքերու կը նային. բան մը շա՜տ սխալ է։ Շա՜տ մտահոգիչ է Մարիամին անզսպելի լալիւնը։
Ներս կը տանին, կը գրկեն երկուքը մէկ, երեքով կ’ըլլան մարդկային կոյտ մը լալագին, թռչնակը կը դողդղայ զինք մէկտեղած մայրիկներուն միջեւ։ «Ի՞նչ կը սպասես, գրէ՛ տղաս, մէջդ չկուտակես։ Վերյիշէ՛ զոհին հետ, հագուէ՛ զոհի շապիկ ու պահանջէ՛, ընթերցողը ընդհուպ պիտի հատուցէ», զիս կը մղէ մայրիկ Մելօ, խոհագրութեանս կերպարներէն մին, բարձրահասակ ու նիհար։
*
Աւելի ուշ… Կաղանդ Պապան՝ Մարիամին բռնաբարող տարեց թուրքին յարն է եւ նմանը։ Ուրեմն, ինչպէս մօտենար Մարիամ անոր, նուէր ստանալու՝ «գիրկը նստելէ» ետք։ Չէ՞ որ նուէրը հացի կտոր մըն էր, որմով տարեց թուրքը հրապուրած էր աղջնակին աչքերն, ու զինք, օր ցերեկով, հեռացուցած՝ կանգնած կարաւանէն։
Մայրիկները պիտի մերժեն Կաղանդ Պապային ինքնութիւնը պարզել աղջնակին, իր հոգեխռով տագնապը հարթելու. քանի որ այդպիսով մանկիկէն շա՜տ շուտ պիտի խլէին երազելու գանձը, լաւ բաներու տենչալը։ Դեռ բարիք կայ աշխարհի մէջ, իրմէ՝ այնքա՜ն կանուխ՝ բռնի հոսած կարմիր արիւնով հանդերձ, որ նոյն գոյնն ունէր Կաղանդ Պապայի հանդերձանքին։
*
(Հոգետունին հրաժեշտ տալը այնքան հոգեցունց էր, որ լեզուն կը ծածկուի եւ այս փակագիծը հանդէս կու գայ իբրեւ յուշարձան):
*
Մարիամ ընտանիքի՝ թոռնիկներու տէր է, Ֆրանսա։ Կ’այցելէ տարեց բանտարկեալներու խցիկները (ալեհեր ու կարմրայտեայ), ուր կը ծաւալէ մարդասիրական գործունէութիւն։ Յատկապէս հետաքրքրուած է հերթաբար բռնաբարողներով. ներքուստ կը յայտարարէ աշխարհին թէ՝ չի ներեր, բայց կ’ուզէ հաշտուիլ իր ներքին Կաղանդի «խանդաղատանք»ին հետ, լռելեայն…
Օրհնեալ է ի կանայս… Խոր ծերութեան մէջ՝ Մարիամ լոյսէ մայրիկները կը գրկէ (նիհար ու գիրուկ) ու հողը թեթեւ կու գայ վրան, թօթուած է աղտ ու աղէտ իր մարմնէն։ Այսօր, Ապրիլեան օր, իրեն տուած խոստումս տեղի կը բերեմ, կ’ազատագրեմ զարհուրելի խորհուրդն ընդմէջէս՝ դողդղացող մատներու դղրդիւնով մը՝ անմեկին։
Յարվարդ