ՀՀ Մարդասիրական եւ ականազերծման խումբը Սուրիոյ ճգնաժամային իրավիճակին բերումով տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Հալէպի մէջ՝ յանուն Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդի բարօրութեան:
Այս առիթով «Գանձասար» հարցազրոյց ունեցաւ ՀՀ Մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ, գնդապետ Արկատի Տօնոյեանի հետ՝ մօտէն ծանօթանալու համար վերջերս կատարուած աշխատանքներուն:
«Գանձասար»- Յարգելի՛ պրն. Արկատի, կը խնդրենք ներկայացնէք ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի 2021 տարուան աշխատանքներուն ամփոփումը։ 
Արկատի Տօնոյեան- 2021-ը իր բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ մարդասիրական խումբին առաքելութեան վրայ որեւէ բացասական ազդեցութիւն չունեցաւ: Մասնաւորապէս 2021 թուականին մարդասիրական եւ փորձագիտական կեդրոնի ականազերծման խումբը ականազերծած է շուրջ 360 հազար քառակուսի մեթր տարածք եւ յանձնած է Հալէպի նահանգային իշխանութիւններուն, իսկ բժշկական խումբը տեղաբնակներէն մօտաւորապէս 12.000 անձի բուժօգնութիւն ցուցաբերած է, ինչպէս նաեւ մէկ տարուան ընթացքին 6 թոննոց դեղորայք յանձնած ենք Հալէպի բժշկական հաստատութիւններուն:
Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ տագնապալի օրերուն, մարդասիրական խումբը ոչ մէկ ատեն դադրեցուց իր աշխատանքը: Թէեւ եղան սահմանափակումներ, եղան տնտեսական դժուարութիւններ, նոյնիսկ անվտանգութեան իրավիճակը որեւէ ձեւով խոչընդոտ չհանդիսացաւ մարդասիրական խումբի աշխատանքներուն: Յաւուր պատշաճի կատարուած են բոլոր առաջադրանքները, որոնց վառ ապացոյցն են երախտիքի խօսքերը, շնորհակալութիւններն ու շնորհաւորագիրները փոխանցուած սուրիական իշխանութիւններուն կողմէն:
Կ’ուզեմ նշել, որ չկան դժուարութիւններ, որոնք կը խոչընդոտեն մարդասիրական խումբին աշխատանքները եւ յոյսով եմ, որ նոյն ջանասիրութեամբ կ’իրականացնենք մեր աշխատանքները՝ ի նպաստ եւ ի բարօրութիւն Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին:
«Գ.»- Վերջերս մամուլէն տեղեկացանք, թէ մարդասիրական առաքելութեան խումբը ծրագիր ունի նաեւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։ Մանրամասնութիւններ կարելի՞ է իմանալ այս մասին։
Ա.Տ.- Այո՛, ճիշդ նկատած էք: 25 Հոկտեմբերին ՀՀ Մարդասիրական ականազերծման ու փորձագիտական կեդրոնին եւ Դամասկոս հաստատուած միջազգային ականազերծման գրասենեակին միջեւ կնքուած է յուշագիր եւ մեր խումբը Սուրիոյ կառավարութեան հովանիին տակ ուղղուած է Դամասկոս: Տեղակայուելով Դամասկոս, խումբը իր աշխատանքները իրականացուցած է Դամասկոսի արուարձաններու Տարայա բնակավայրին մէջ: Այս առաքելութեան առանձնայատկութիւնը այն է, որ աննախադէպ է ՀՀ պատմութեան մէջ հայկական խումբի մասնակցութիւնը միջազգային առաքելութեան՝ ՄԱԿ-ի շրջագիծէն ներս եւ որպէս ականազերծողներ մեր խումբի մասնագէտներուն ընդգրկումը այս ծրագիրին մէջ: Աւելի մանրամասնութիւններ կարելի է ներկայացնել յառաջիկայ աշխատանքներուն, ձեռքբերումներուն եւ համագործակցութեան մասին տեսանելի արդիւնքներու հասնելու պարագային: Սակայն կարելի է ըսել, որ այս եռանդով խումբը կրնայ բաւական աշխատանք իրականացնել:
«Գ.»- Սուրիոյ այլ նահանգներու մէջ ալ աշխատանքի ծրագիրներ կա՞ն։
Ա.Տ.- Սուրիոյ այլ նահանգներու մէջ առայժմ չկան ծրագրուած աշխատանքներ, երբ գործնական քայլեր առնուին կը տեղեկացնենք մեր ընթերցողները: Սակայն ՀՀ մարդասիրական խումբը իր բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնէ՝ իրականացնելու իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Այնուամենայնիւ ներկայ պահուն կը սահմանափակուինք միայն Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ մեր առաքելութեամբ: Եթէ ըլլան նմանատիպ առաջարկներ, կը քննարկուին եւ կը հաղորդուին, նկատի առած սերտ համագործակցութիւնը համայնքային իշխանութիւններուն հետ:
«Գ.»- Խումբը ինչպիսի՞ աշխատանքներ տարաւ հալէպահայ համայնքին հետ։
Ա.Տ.- Հայ համայնքին հետ յարաբերութիւնները բոլորովին այլ տիրոյթ են, այլ բարձրութեան եւ մակարդակի վրայ գտնուող յարաբերութիւններ են: Այս իմաստով յատկապէս շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան՝ ՍՕԽ-ի դարմանատունէն ներս Մարդասիրական խումբի բժիշկներու աշխատանքին համար իր ընձեռած կարելիութիւններուն համար: Պատիւ ունեցանք նաեւ գործակցելու Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի միջոցով Բեթէլ բժշկական կեդրոնին հետ: Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն ՍՕԽ-Ազգ. Պատսպարանի պատասխանատու մարմինին, որուն գործակցութեան շնորհիւ մեր մարդասիրական խումբի բժիշկները թէ՛ մասնաւոր, թէ՛ պաշտօնական այցելութեամբ ամէնօրեայ հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն պատսպարեալ մանուկներուն: Սերտ գործակցութիւն ունինք նաեւ Հայ Ծերանոցին հետ, յատկապէս դեղորայքի եւ սննդեղէնի օգնութիւն կը ցուցաբերուի այդ հաստատութեան:
Բոլոր համայնքներուն եւ միութիւններուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք՝ իրենց ցուցաբերած գործակցութեան համար եւ միշտ պատրաստ ենք նման աշխատանքներով մեր կարելին ընելու յանուն հայ ժողովուրդի օժանդակութեան, կ’ակնկալենք նաեւ համայնքին օգնութիւնը Մարդասիրական խումբի ծրագիրներու իրագործման համար:
Հայ համայնքի հետ յարաբերական շրջագիծին մէջ կ’իրականացնենք թէ՛ բժշկական  օգնութեան ցուցաբերում, եւ թէ ուսումնական մակարդակով հանրային դասախօսութիւններ կազմակերպելով եւ դեղորայք տրամադրելով: Այսինքն օգնութիւնը բազմաոլորտ է, բազմաշերտ է, իր մէջ կը ներառէ բոլոր այն տարրերը, պարագաները, որոնք թոյլ կու տան մեր սահմանափակ միջոցներով, բայց գործակցութեան լայն շրջանակներով իրականացնել այս աշխատանքները:
Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Հալէպի հայ համայնքապետներուն իրենց ցուցաբերած աջակցութեան եւ մեզի հանդէպ ունեցած ու ցուցաբերուած բարձր վստահութեան եւ սատար հանդիսանալուն համար: Անոնք մշտապէս կը հետաքրքրուին մեր աշխատանքներով եւ սատար կը հանդիսանան մեր աշխատանքին: Վստահ եմ, որ դրական այս մթնոլորտին մէջ մեր աշխատանքը շարունակական պիտի ըլլայ:
Հարցազրոյցը վարեց
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան