(Հ. Սասունեանի Ազատ Արձակուելուն Առիթով)
Քաղաքական ուրացումը կը վերաբերի Թուրքիոյ վարած քաղաքական գործընթացին, որ կը հիմնուի Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման մեկնակէտին վրայ, եւ կը բաժնուի երկու մասի.
Ա.- Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ ներքաղաքական ուրացում:
Բ.- Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ դիւանագիտական ուրացում:
Ա.- Թուրքիոյ հանրապետութեան աշխարհագրական սահմաններէն ներս կիրարկուած քաղաքականութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր արդար հատուցման հանդէպ, կը բնութագրուի, որպէս քաղաքական ուրացում դրսեւորուած թրքական իշխանութեան եւ իրերայաջորդ կառավարութիւններու կողմէ, որոնք բազմիցս փորձած են ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութեան անհերքելի փաստերը, իրենց նոր հանրապետութեան ընծայած բոլոր հնարաւորութիւններով եւ միջոցներով:
Թուրքիան օգտագործած է՝ ա. գիտական խորհրդաժողովներ, բ. կրթական հարթակը, գ. բանակը, դ. պետական հիմնարկները՝ կանխելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան աղէտալի հետեւանքները իր վրայ եւ ընդունման յաջորդող արդար հատուցման մղձաւանջն ու թրքական անդորրութիւնը անհանգստացնող իրականութիւնը:
Ցեղասպանութենէն ետք, նոր Թուրքիան զարգացուց իր ուրացման քաղաքականութիւնը՝ հայկական անշարժ կալուածներու գրաւումն ու իւրացումը օրինականացնելու գործընթացով, նաեւ կեղծ յանդիմանութիւն ուղղելով այդ «ոչ-բնական կառավարութեան», որ գործադրած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան պատասխանատուութենէ խուսափելով հանդերձ արդարացուց անոր ոճրային արարքը, այսպէս կոչուած «հայկական դաւաճանութեան» վրայ հիմնուելով եւ պատրուակելով հայերը բնաջնջելու գաղափարը, ինչ որ աւելի հաճելի հնչեց թրքական ականջին՝ քան իրաւունքին ձայնը:
Ուրացման վարկագիծը լայն ընդունելութիւն եւ արձագանգ գտաւ թրքական հանրապետական միջավայրին մէջ, որ քաջալեր հանդիսացաւ շարունակելու զայն նոր Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ, որ առաւելագոյնս շահարկման ենթարկուեցաւ՝ թրքական մամուլին, ապահովական ցանցին, այլախոհներուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն կողմէն:
Բ.- Թրքական արտաքին քաղաքականութեան մէջ դիւանագիտական ուրացում:
Թրքական ազգային առաջնահերթութիւններուն ընդմէջէն՝ արտաքին դիւանագիտական-քաղաքական ուրացումը կը բխի,  նոյն թրքական ներքաղաքական ուրացումէն, կը հիմնուի անոր վրայ եւ ուղղուած է՝
1.- Թրքական արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներուն դէմ:
2.- Հայկական պետական թէ ազգային մակարդակներով կազմակերպուող արդար պահանջատիրութեան դէմ:
3.- Թրքական Հանրապետութեան աշխարհագրական սահմաններէն դուրս:
4.- Շրջանային եւ միջազգային իրաւատեսչական ատեաններէն ներս:
Թուրքիան կառուցեց իր ուրացման ռազմավարութիւնը՝ քաղաքական ուրացման հիմքին վրայ եւ սակարկութեան առարկայ դարձուց իր աշխարհագրական եւ հաղորդակցական դիրքը շրջանային եւ միջազգային շուկաներուն մէջ, շահագործելով իր մարդուժի եւ տնտեսական հնարաւորութիւններու զոյգ գործօնները:
Նոր Թուրքիան եւս պահեց քաղաքական ուրացման եղանակն ու կշռոյթը մէկ եւ բարձր մակարդակներու վրայ չորս տասնամեակներ շարունակ, մինչեւ անցեալ դարու 60-ական թուականները, սակայն ընկրկեցաւ հետագային՝ հայ ազգային զայրոյթի ժայռին դիմաց, որ կը մերժէր թրքական քաղաքական ուրացումը՝ իր երկու բաժիններով:
Անկիւնադարձային «բարեփոխումներ» կրեց թրքական քաղաքական ուրացման գործընթացը 1965-էն վեր՝ փոխադրուելով խորքի, միտքի եւ ձեւի բարձր ոլորտներ եւ մակարդակներ՝ հայ ազգային արդար պահանջատիրութենէն ձերբազատելու նպատակով:
Թուրքիան մղեց կարծր տոկունութեամբ բնորոշուող քաղաքական պայքարներ, ոստոստեց միջազգային արեւելումէ տարբեր արեւելումներ, ընտրեց վատագոյն եւ վատթարագոյն միջոցներ եւ գործընկերներ՝ չդիմագրաւելու համար իր սեւ անցեալը, որ պիտի ծառանար իր դէմ ուշ կամ կանուխ:
1970-ին վերջապէս գտաւ, ըստ իրեն, ելք մը որ պիտի ծառայէր իր ծայրայեղական նպատակներուն: Ան փորձեց փոխադրել Հայոց Ցեղասպանութեան քաղաքական ծրարը պատմագիտական դաշտ, ուր իր լծակներուն միջոցով կասկածի պիտի ենթարկուէին Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւական եւ օրինական փաստերը, հայկական պահանջատիրական ջահը հեռացնելով քաղաքական ասպարէզէն:
Թուրքիան այս իր նոր պատերազմին մէջ ներմուծեց իր դիւանագիտական ամբողջ բանակն ու ցանցը՝ աշխարհով մէկ տարածելով ապակողմնաորոշող թրքական տարբերակը՝ շրջանային թէ միջազգային բեմահարթակներու վրայ:
Հակառակ թրքական բոլոր նիւթուած դաւերուն եւ որոգայթներուն, հայ ժողովուրդը, որպէս արթուն պահակը իր արդար դատին, իր կարծիքը արտայայտեց հայկական ինքնուրոյն ոճով եւ քաջաբար զգետնեց Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական ուրացման զարկ տուող դիւանագիտական բանակի ներկայացուցիչներէն շատերը, յիշեցնելու համար թէ Հայ Դատն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէս տնտեսաքաղաքական ծրար, կարելի չէ փոխադրել պատմագիտական ասպարէզ այնքան ատեն, որ չեն հանգուցալուծուած անոր գործուած եւ ուրացուած քաղաքական թնճուկները եւ հայ ազգը տակաւին չէ հասած իր արդար պահանջատիրութեան առումով Set featured imageնիւթաբարոյական հատուցումին:
2021 թուականը խորհրդանշական է հայ ազգին համար՝ Համբիկ Սասունեանի հայանպաստ ազատ արձակման ուրախ առիթով, որ կը յիշեցնէ բոլորին, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որքան ալ որ բնութագրուի որպէս պատմական, օրինական թէ տնտեսական խորք եւ բնոյթ ունեցող հարց, կը մնայ զուտ քաղաքական գործընթաց, կը մերժէ ենթարկուիլ քաղաքական թէ դիւանագիտական ուրացման եւ կը լուծուի միայն ազգային-քաղաքական գործընթացով:
Արամ Աւագեան