Յարգելի՛ խմբագիր եւ աշխատակազմ «Գանձասար» պաշտօնաթերթի,
Սիրելի՛ գործակիցներ,
Շնորհակալութեամբ ստացայ «Գանձասար-Բացառիկ 2022»ի առցանց հրատարակութիւնը: Ճոխ բովանդակութիւն եւ գեղեցիկ էջադրում:
Ձեր վարձքը կատա՛ր:
Ձեր այս նուիրական աշխատանքը ցոյց կու տայ Սուրիոյ գաղութին ընդհանրապէս եւ հալէպահայ գաղութին մասնաւորապէս ապրելու կամքը եւ դրսեւորումը: Ապրիլ ոչ միայն շնչելով, այլեւ հաւատալով հայուն եւ անոր արժէքին, անոր կեանքի շարունակականութեան անհրաժեշտութեան:
Հօրեղբայրս՝ տոքթ Ռոպէր Ճէպէճեան, հաւատաց հալէպահայ գաղութին, որպէս Սփիւռքին եւ սփիւռքահայուն հիմնական կռուան: Իր խօսքով՝ Հալէպը «մայր գաղութ» է։ Մինչեւ կեանքի վերջին շունչը ան ապրեցաւ եւ գործեց այդ տեսլականով:
Դուք՝ ձեր նուիրական այս աշխատանքով, կը պահէք այս տեսլականը: Եւ այսպիսի նուիրական աշխատանքն է, որ պիտի ապահովէ հայուն կեանքին եւ պատմութեան շարունակականութիւնը:
Շնորհակալութի՛ւն ձեր աշխատանքին եւ տեսլականին:
Դուք «Երազային Հալէպը» կը դարձնէք ապրող իրականութիւն:
Շատ ապրի՛ք:
Երախտագիտական զգացումներով՝
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար Արաբական Ծոցի
Աստուածաշունչի Ընկերութեան