«Արմէնփրէս».-Մոսկուայի մէջ 14 Յունուարին տեղի ունեցած է Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերտար Քըլըչի հանդիպումը: Հանդիպումին ընթացքին յատուկ ներկայացուցիչները իրենց նախնական միտքերը փոխանակած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու երկխօսութեան միջոցով կարգաւորման գործընթացին համար: Կողմերը համաձայնած են շարունակել լիարժէք կարգաւորման բանակցութիւնները` առանց նախապայմաններու: Երկրորդ հանդիպումին ամիսն ու վայրը պիտի որոշուի պատշաճ ժամկէտով` դիւանագիտական ուղիներով: