«ՍփութնիքԱրմենիա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, ըսաւ, որ Թուրքիա չի կրնար Հայաստանի հետ առանց նախապայմանի խօսիլ, քանի որ օրեր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին կրկին խօսած էր այն մասին, որ Հայաստան լաւ կ’ընէ, եթէ ճիշդ գնահատէ իրավիճակը»:
14 Յունուարին Մոսկուայի մէջ առաջին անգամ հանդիպեցան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները` Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըչը եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը:
«Պարզ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները երաշխիք տուած են, որ ձեւով մը կը բաւարարեն Թուրքիոյ կողմէ ներկայացուած նախապայմանները: Այն, որ կ’ըսեն նախապայմաններ չկան, մեզ լռեցնելու համար է, սակայն մենք երէկ չէ, որ ծնած ենք: Կը հասկնանք, որ Թուրքիա իր իսկական դիրքորոշումը չէ փոխած եւ ընդամէնը կ’ուզէ ներկայացնել, որ կառուցողական երկխօսութիւն տեղի կ’ունենայ», ըսաւ Մանոյեան:
Ըստ անոր, Հայաստանի իշխանութիւնները չեն կրնար, յատկապէս Թուրքիոյ հետ, որեւէ լուրջ եւ կառուցողական բանակցութիւն վարել, քանի որ կը ներկայացնեն քաղաքական այն ուժը, որ պատերազմին պարտուած է: Մանոյեան յիշեցուցած է, որ Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ եւ Ատրպէյճանի չափ բռնութիւն կիրարկեց Արցախի մէջ: Մանոյեանի համաձայն, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները նախապէս համաձայնած էին ամէն բանի շուրջ, եւ 14 Յունուարի հանդիպումը ընդամէնը բեմականացում էր: Ասոր վկայութիւնը այն է, որ 2 դրացի պետութիւնները, որոնք առնուազն վերջին 10 տարիներուն ոչ մէկ դիւանագիտական կապ ունեցած են, մէկուկէս ժամուան ընթացքին կառուցողական խօսակցութիւն կ’ունենան, եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու յայտարարութիւններուն շուրջ համաձայնութեան կը հասնին` իրար կրկնող բնագիրներ տարածելով: Աւելի՛ն, Մանոյեան վստահ է, որ շարք մը հարցերու շուրջ արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացած է:
 
Անդրադառնալով բանակցութիւններուն Ռուսիոյ մէջ ըլլալու իրողութեան, Մանոյեան ընդգծեց, որ Ռուսիոյ ներկայութիւնը չենք կրնար երաշխիք նկատել Թուրքիոյ` շրջանին մէջ իր զաւթումն ու ծաւալապաշտութիւնը դադրեցնելու: Միւս կողմէ, Մանոյեան յիշեցուց, որ այնպէս չէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը առաջին պահէն սկսան Մոսկուայի միջնորդութեամբ: