ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամները եւ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները եօթը քաղաքներու մէջ (Հրազդան, Աբովեան, Կիւմրի, Սպիտակ, Վանաձոր, Արտաշատ, Կապան) հանդիպումներ ունեցած են մեր ընկերներուն եւ համակիրներուն հետ: Այս մասին գրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան։ «Խօսած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի դէմ ծառացած մարտահրաւէրներուն, հայ֊թրքական յարաբերութիւններուն, անվտանգութեան հարցերուն եւ ներքաղաքական հարցերուն մասին։ Քննարկած ենք մեր ընելիքները, յատկապէս, դիմադրութեան ձեւաւորման աշխատանքները եւ այդ ուղղութեամբ իրականցուելիք ծրագիրները: Սիրելի՛ հայրենակիցներ. Յառաջիկայ երկու ամիսներու ընթացքին ծրագրած ենք հանդիպումներ կազմակերպել բոլոր քաղաքներու մէջ: Համազգային դիմադրութեան ձեւաւորումը այլընտրանք չունի»,- գրած է Սաղաթէլեան։