“Երկիր”_Իրանի Արտագին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սայիտ Խաթիպզատէն յայտնած է, որ Թեհրան ողջունած է Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման գործընթացը։ «Իրան կ’ողջունէ իր դրացիներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ կ’աջակցի այդ ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն», յայտնած է ISNA-ն մէջբերելով անոր խօսքերը։ Դիւանագէտը ընդգծած է, որ տարածաշրջանը արդէն լրջօրէն յոգնած է խզուած յարաբերութիւններէն եւ բացասական հայեացքներէն։ Խաթիպզատէն բացատրած է, որ Իրան պէտք է օգնէ ձեւաւորելու դրական վերաբերմունք եւ մօտեցումներ: