Շաբաթ, 22 Յունուար 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հանդիպում ունեցաւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի Վարչութեան, տնօրէնութեան, դասախօսական կազմին եւ երրորդ ու չորրորդ կարգերու ուսանողներուն հետ, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս:
 
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ազգային գործիչ, դասախօս Աւօ Գաթրճեան եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան:
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի անձնակազմին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս հանդիպումին առիթով:
 
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան խօսք առնելով ներկայացուց Հայագիտական հիմնարկին առաքելութիւնը, յատկապէս հայ դպրոցները հայերէնաւանդ ուսուցիչներով օժտելու դերակատարութիւնը:
 
Հայագիտական Հիմնարկի տնօրէնուհի Սիլվա Ճապաղջուրեան ծանօթացուց հիմնարկի դասախօսական կազմը, ներկայացնելով իւրաքանչիւրին դասաւանդած նիւթը:
 
Սրբազան Հօր հրաւէրով, դասախօս դոկտ. Հուրի Ազէզեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրէն բաժիններ ընթերցեց:
 
Մասիս եպիսկոպոս «Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրին լոյսին տակ ընդգծեց Հայագիտական Հիմնարկին յոյժ կարեւոր դերը հայախօսութեան, հայերէնագիտութեան, արեւմտահայերէնի պահպանման եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան գործընթացին մէջ: Ան պատուիրեց, որ Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը հիմնարկի դասարաններէն ներս ընթերցուելով դասախօսներուն եւ ուսանողներուն միջեւ զրոյցի նիւթ դառնայ եւ համապատասխան առաջարկներ ներկայացնելու առիթ հանդիսանայ։
 
Ներկաները զրուցեցին հռչակագիրի կարեւոր կէտերուն շուրջ:
 
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ հայ մնալը նախ եւ առաջ գիտակցութիւն է, ապա պատասխանատուութիւն եւ համապատասխան աշխատանք կը պահանջէ: Ան օրինակ բերաւ Սուրիոյ շրջաններու այն հայերը, որոնք թէեւ հայերէն խօսելու դժուարութիւն ունին, սակայն համախմբուելով հայ եկեղեցւոյ, հայ դպրոցին եւ միութիւններուն շուրջ՝ նուիրաբար կը ծառայեն հայ համայնքին եւ ազգին:
 
Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Հայագիտական հիմնարկը իր գործունէութիւնը ծաւալէ ներառելով շրջաններէն եւս ուսանողներ, որպէսզի անոնք եւս զարգացնեն հայերէնի իրենց իմացութիւնն ու գիտելիքները։
 
Այնուհետեւ, միաւորի վարչութեան ատենապետ Յովիկ Ղազարեան անդրադարձաւ Հայագիտական Հիմնարկի յառաջիկայ ծրագիրներուն:
 
Հանդիպումի աւարտին, Մասիս եպիսկոպոս գնահատելով հիմնարկի դասախօսական կազմը յայտնեց, որ անոր աշխատանքը նուիրում է՝ ի նպաստ մեր ազգային արժէքներու պահպանման:
 
Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Հայագիտական Հիմնարկի Միաւորի Վարչութեան եւ տնօրէնութեան հետեւողական աշխատանքը, յատկապէս գնահատելով հայակերտումի շարունակուող երթը, հակառակ երկրի տնտեսական եւ առողջապահական ծանր պայմաններուն։
 
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւն