Փետրուար 1, 2022
 
Ան­ցեալ տա­րո­ւան ­­Դեկ­տեմ­բե­րէն, յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս մեկ­նար­կած ­­Լի­բա­նա­նի եւ ­­Սու­րիոյ տա­ռա­պող հա­յու­թեան հա­մար հան­գա­նա­կու­թիւ­նը իր շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­նե­րը ցոյց կու տայ ար­դէն։ «Ա­զատ Օր»ի եւ մեր կա­ռոյց­նե­րու է­ջե­րէն լոյս տե­սած կո­չին ըն­դա­ռա­ջե­լով՝ բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­ներ ի­րենց նիւ­թա­կան օգ­նու­թեամբ սա­տար կը հան­դի­սա­նան Ս­փիւռ­քի եր­կու կա­րե­ւոր գա­ղութ­նե­րու գո­յա­տեւ­ման։
Սու­րիա­հայ գա­ղու­թը մօտ տա­սը տա­րիէ ի վեր կը ճա­շա­կէ ա­հա­ւոր պա­տե­րազ­մի մը դառն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ նախ հիմ­նո­վին քայ­քա­յեց պե­տու­թեան հի­մե­րը, ա­պա լուրջ վտան­գի տակ դրաւ սու­րիա­հա­յու­թեան կազ­մո­ւած­քը, իր ժո­ղո­վուր­դով եւ գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րով։ Իսկ այ­սօր, գէթ պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քը մա­սամբ մեղ­մա­ցած ըլ­լա­լով, այս ան­գամ ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան սոս­կա­լի ա­լիք մը կու գայ իր վտան­գա­ւոր հե­տե­ւանք­նե­րը գոր­ծե­լու ամ­բողջ գա­ղու­թին վրայ՝ ու­ժա­նիւ­թի, նիւ­թա­կան, սղա­ճի, ար­տա­գաղ­թի հսկայ տագ­նապ­նե­րով։
Նոյնն է պա­րա­գան լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան հա­մար, որ ներ­կա­յիս կը դի­մագ­րա­ւէ իր պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն տագ­նա­պա­լի օ­րե­րէն մէ­կը, երբ երկ­րի պե­տա­կան հա­մա­կար­գը ամ­բող­ջու­թեամբ փլու­զու­մի են­թար­կո­ւած է, տնտե­սու­թիւ­նը հիմ­նո­վին խոր­տա­կո­ւած է, կա­ռա­վա­րա­կան տագ­նա­պը փա­կու­ղիի մէջ կը շա­րու­նա­կէ մնալ իսկ ժո­ղովր­դա­յին ցա­սու­մը վերջ չու­նի։ ­­Հոս ալ ակ­նե­րեւ է հայ­կա­կան գա­ղու­թի ու մա­նա­ւանդ հա­յու­թեան վի­ճա­կի վատ­թա­րա­ցու­մը, ո­րոնք այ­լեւս ա­ռօ­րեան ո­րո­նե­լու խղճա­լի վի­ճա­կին մէջ կը գտնո­ւին։ ­­Հաս­նող լու­րե­րը ոչ մէկ լա­ւա­տե­սու­թիւն կը ներշն­չեն, տագ­նա­պի լուծ­ման հե­ռանկար­նե­րը ան­գոյ կը թո­ւին ըլ­լալ, իսկ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­վի­ճա­կը ա­մա­յու­թեան մէջ թա­փա­ռե­լու պատ­կե­րը կու տայ։
Ա­ւե­լորդ պի­տի ըլ­լար խօ­սիլ մեր եր­կու հա­յօ­ճախ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին։ ­­Սա­կայն, ան­գամ մը եւս սրտի պարտք ու­նինք ընդգ­ծե­լու զոյգ գա­ղութ­նե­րու ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, կրօ­նա­կան, կրթա­կան եւ միու­թե­նա­կան ար­ժէ­քը։
Հա­կա­ռակ ­­Լի­բա­նա­նի դի­մագ­րա­ւած տագ­նապ­նե­րուն, նախ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն, ա­պա ներ­կա­յիս՝ քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ նիւ­թա­կան փո­թո­րիկ­նե­րով, ­­Լի­բա­նա­նի գա­ղու­թը կը շա­րու­նա­կէ մնալ Ս­փիւռ­քի հա­մար կեն­սա­տու ա­կը, ո­րուն տա­կա­ւին եր­կար պէտք ու­նի սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը իր գո­յա­պայ­քա­րի ու­ղիին վրայ։ Հոն են մեր կա­րե­ւոր ազ­գա­յին, կրթա­կան եւ հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը՝ ­­Ճե­մա­րա­նը, ­­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդ­րո­նա­տե­ղի­նե­րը, հոն տա­կա­ւին հայ գի­րի ու դպրու­թեան, հայ գիր­քի ու լե­զո­ւի կրա­կը կը շա­րու­նա­կէ ջեր­մաց­նել հա­յու սիրտն ու հո­գին։
Նոյնն է հա­լէ­պա­հայ մեր օ­ճա­խը, որ իր ­­Ճե­մա­րա­նով, իր Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նով, ­­Քե­սա­պի ու ­­Գա­միշ­լիի մէջ հա­յու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը պա­հե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, ազ­գա­յին եւ կրթա­կան բարձր ո­գիով կը շա­րու­նա­կէ սե­րունդ­ներ դաս­տիա­րա­կել, հա­յու անն­կուն կամ­քին տէրն ու տի­րա­կա­նը կանգ­նիլ, սե­րունդ հասց­նել, մշա­կոյթ կեր­տել։
Պա­տա­հա­կան չէ, որ Հ.Յ.­­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյ­ցը, իր ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րու ­­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւն­նե­րով եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր լծո­ւած է եր­կու մեր հա­յա­գա­ղութ­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեան եւ ա­մէն գնով նե­ցուկ կանգ­նե­լու գոր­ծին։ Ոչ ալ պէտք է ան­տե­սել ­­Մե­ծի ­­Տանն ­­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հա­մաս­փիւռ­քեան զօ­րա­շարժն ու գործ­նա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը, որ ա­ռա­տօ­րէն կը բաժ­նո­ւի կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րուն։
Ճիշդ հոս է նաեւ մեր գա­ղու­թի գոր­ծօն­նե­րուն կող­մէ յա­ռաջ տա­րո­ւող գա­ղու­թա­յին զօ­րա­շար­ժի նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Գլ­խա­ւո­րու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդր. կո­մի­տէին եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Հ.Կ.­Խա­չի, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կա­ռոյց­նե­րու ան­մի­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, յու­նա­հայ գա­ղու­թը եւս կու գայ միա­նա­լու հա­մազ­գա­յին ճի­գին՝ ի գին ա­մէն զո­հո­ղու­թեան ոտ­քի պա­հե­լու հա­յու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր եր­կու օ­ճախ­նե­րը։
Ինչ­պէս սկիզ­բին ալ յայտ­նե­ցինք, յու­նա­հայ կազ­մա­կերպ մե­քե­նա­յի զօ­րա­շար­ժը ար­դէն իր պտուղ­նե­րը տո­ւած է եւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու լուրջ մաս մը ի­րենց ա­ռա­տա­ձեռն նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը կա­տա­րած են։
Հոս, սա­կայն, ան­գամ մը եւս պարտք կը զգանք մեր կո­չը բարձ­րա­ձայ­նե­լու յու­նա­հայ բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն անխտիր, որ­պէս­զի ի­րենց կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ օգ­նեն ­­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի վտան­գա­ւոր կրակ­նե­րուն մէջ ապ­րող մեր ա­րիւ­նա­կից հա­յոր­դի­նե­րուն։ Իւ­րա­քան­չիւր նո­ւէր, իւ­րա­քան­չիւր օգ­նու­թիւն ըն­տա­նիք մը պա­հե­լու, մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կան­գուն պա­հե­լու հսկա­յա­կան քայլ մըն է, ո­րուն ե­րախ­տա­պարտ են լի­բա­նա­նա­հայ եւ սու­րիա­հայ մեր եղ­բայր­նե­րը։
Եր­կու գա­ղութ­նե­րուն տագ­նա­պը Ս­փիւռ­քի լի­նե­լու­թեան ուժ­գին հա­րո­ւած մը տա­լու հա­մա­զօր է։ Ե­թէ այ­սօր հա­մա­խումբ կա­րո­ղա­նանք եր­կու գաղ­թօ­ճախ­նե­րու ապ­րած ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ցա­ւե­րը սփո­փել, վստահ ըլ­լանք, որ ա­մո­քած կ­­՚ըլ­լանք նաեւ Ս­փիւռ­քի ցա­ւե­րը, ո­րոնց մշտա­կան խնա­մող բժիշ­կը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ հան­դի­սա­ցած են ­­Լի­բա­նա­նի եւ ­­Սու­րիոյ հա­յա­կերտ օ­ճախ­նե­րը։
Այ­սօր իսկ փու­թանք մեր օգ­նու­թեան ձեռ­քը եր­կա­րե­լու, վաղն կրնայ ան­դառ­նա­լիօ­րէն ուշ ըլ­լալ։
«Ս­փիւռ­քի ­­Տա­րի»ն ­­Լի­բա­նա­նի եւ ­­Սու­րիոյ հա­յու­թեան հա­մար թող ըլ­լայ ­­Վե­րա­կանգ­նու­մի ­­Տա­րի։ ­­Բո­լո­րիս գործ­նա­կան նե­ցու­կով։