Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղը իր անդամական  ժողովի Բ. նիստը գումարեց Կիրակի,30 Յունուարի 2022-ի երեկոյեան ժամը 5։00-ին, «Խորէնեան» սրահէն ներս։
Ժողովը  հանգամանօրէն ունկնդրեց եւ քննեց օրակարգի կէտերը՝ սկսեալ շրջանային ԻԳ. պատգամաւորական ժողովէն բխած բանաձեւերէն։ Ապա  վարչութեան երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը ընթերցուեցաւ եւ ուրախութեամբ հաստատեց գաղութէս ներս համազգայինի ընդարձակումը  ու մշակութային գործունէութեան ծաւալումը։ Ժողովը ներկայացուց շինիչ առաջարկներով, որոնց իրագործման  յանձնառու կը մնայ նորակազմ վարչութիւնը։ Ընթացքին խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Յակոբ Պարսումեան։ Ան շեշտեց, թէ Համազգային հայ կրթական եւ  մշակութային միութեան 2022-ի  սեւեռակէտը պէտք Է  դարձնել ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.Կաթողիկոսի  սրբատառ կոնդակի հռչակագիրը, որ կը կրէ «Սփիւռքի Տարի» խորագիրը ու հետեւեալ մէջբերումը ըրաւ վեհափառ հայրապետին պատգամէն. «Զօրաւոր Սփիւռք կը նշանակէ զօրաւոր հայրենիք եւ փոխադարձաբար զօրաւոր հայրենիքը նախապայման է զօրաւոր Սփիւռքի»։
 Ապա Ժողովը ընտրեց  նորակազմ հետեւեալ վարչութիւնը.
Յակոբ Պարսումեան
Յասմիկ Պոզոյեան
Յասմիկ Տիգրանեան
Մանուկ Դաւիթեան
Կարպիս Շիրիքճեան
Ռուզան Պետրոսեան
Դալար Տօնապետեան
Վահէ Յովհաննէսեան
Քրիստափոր Միքայէլեան։
Աւարտին Շրջանային Վարչութեան լիազօր Ռիթա Տէր Սարգիսեան  խօսք առնելով  շեշտեց  կազմակերպչական աշխատանքին կարեւորութիւնը, յատկապէս երիտասարդականացնելով համազգայինի շարքերը եւ զարկ տալով քարոզչական աշխատանքին համացանցային հարթակին ճամբով, հայ մշակոյթի ոգին վառ պահելու նորահաս սերունդներուն մօտ։