Երկուշաբթի, 7 Փետրուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հասիչէի Աշխատանքի եւ Ընկերային հարցերու տնօրէնութիւնը կը շարունակէ տարբեր տեսակի օգնութիւններ տրամադրել Հասիչէի հարաւային շրջաններէն տեղահանուած ընտանիքներուն, որոնք ժամանակաւոր կեցութեան վայրերու մէջ կը գտնուին։ Տնօրէնութեան վարչական պատասխանատու Իպրահիմ Խալաֆ յայտնեց, որ հարաւային շրջաններէն տեղահանուած ընտանիքներուն մեծամասնութիւնը, բացի Ղուէյրան թաղամասի 30 ընտանիքներէն, տուն դարձաւ։ Անոնց բնակարանները ամբողջովին քանդուած են՝ ԱՄՆ-ի պատերազմական օդանաւերու հրթիռակոծման հետեւանքով, միւս կողմէ ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները կը փորձեն խափանել անոնց տունդարձը։