Այս շաբաթ լոյս տեսաւ հալէպահայ մտաւորական, գրող Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ Հայ Գիրի Եւ Պատմութեան Գետեզրին» երրորդ հատորը։ Շարքին Ա. հատորը հրատարակուած էր 2016-ին, իսկ երկրորդը՝ 2018-ին։ Հեղինակը դիմատետրի իր էջին վրայ կ՚արձանագրէ, որ Նորատիպ Գ. հատորը (2022 թուակիր) արտաքին կերպարանքով ու ծաւալով նախորդներուն հարազատ կրկնօրինակն է։ Այս եւս 320 էջ է ու պատկերազարդ, տպուած է Հալէպի «Ոսկետառ» տպագրատան հոգածութեամբ։ «Երբոր ձեռք առնէք նորատիպ հատորը, հրաշալի առիթներ պիտի գտնէք այնտեղ՝ դեգերելու համար ԺԹ. դարու կէսերէն մինչեւ մեր օրերը երկարող ժամանակահատուածին մէջ։ Նախ պիտի ժամադրուիք Վոսփորի գեղածիծաղ ափերուն ու շնչէք այն եզակի մթնոլորտը, զոր մեզմէ մէկուկէս դար առաջ շնչած էին Մկրտիչ Պէշիկթաշլեաններն ու Սրբուհի Տիւսաբները։ Յետոյ անցում մը պիտի կատարէք դէպի մեր կորուսեալ գաւառը՝ հետիոտն շրջելու համար Սրուանձտեանց Գարեգին վարդապետին հետ թեւանցուկ, վերջաւորութեան հասնելու համար Սեբաստիա, ուր ձեզ պիտի ողջունէ Բրգնիկի մեծանուն զաւակը՝ Դանիէլ Վարուժան։ Սեբաստիոյ մէջ, պահ մը, պիտի հիւրընկալուիք բանասէր ու կրթական մշակ Կարապետ Գաբիկեանի յարկին տակ։ Ան հպարտութեամբ ցոյց պիտի տայ ձեզի իր թանկարժէք ուսումնասիրութիւնները։ Յետոյ ման պիտի գաք Խարբերդի ու անոր ոսկեղէն դաշտին մէջ, մերթ հանդիպելով Թլկատինցիին ու մերթ Բենիամին Նուրիկեանին, որ պիտի պատմէ ձեզի Ամերիկայի կեանքէն ու ցոյց տայ իր հրատարակած «Նոր գիր» հանդէսի հաւաքածոները։ Շահան Ռ. Պէրպէրեանն ալ պիտի ողջունէ ձեզ սրտագին։ Խոհուն իմաստասէրի իր զրոյցներով պիտի հմայէ բոլորդ։ Պիտի պատմէ Պոլսոյ, Գահիրէի, Երուսաղէմի ու Անթիլիասի իր ուսուցչագործական տարիներէն։ Այնուհետեւ երկիւղածութեամբ պիտի թակէք դուռը Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց դարաւոր վանքին։ Պիտի դեգերիք վանքին շուրջբոլորը՝ ձեր հանապազօրեայ հացը կիսելով Դուրեան եւ Գուշակեան զմայլելի պատրիարքներուն հետ, ձեր կողքին ունենալով Աղաւնունի ու Պողարեան սրբազանները, Եղիվարդը, բանաստեղծ Անելն ու արձակագիր Վահրամ Մավեանը։ Դեռ զրոյցի պիտի նստիք ժամանակակից դէմքերու հետ եւս.– Մխիթարեան հայրեր, տոքթ. Ռ. Ճեպեճեան, գրագէտ Ռ. Հատտէճեան ու մա՛նաւանդ Կ. Պոլսոյ տարաբախտ Մեսրոպ պատրիարքը, որուն թարմ շիրիմին դիմաց, իր բարոյական ներկայութեան առջեւ, պիտի խոկաք երկարօրէն…։ Կասկած չունինք, որ այս Գ. հատորը եւս յափշտակութեամբ ու հաճոյքով պիտի կարդացուի մեր համակիր ընթերցողներուն կողմէ, ինչպէս կարդացուեր էին նախորդները։ Հոն տեղադրուած գրական ու պատմական նիւթերը մէկ կողմէ պիտի ջրդեղեն ընթերցողին հայագիտական պաշարը, միւս կողմէ ալ արեւմտահայերէն մեր ոսկեղնիկ լեզուին հետ գլուխ-գլխի պիտի թողուն զայն։ Ի դէպ, «Դեգերումներ…»-ու այս Գ. հատորը, որ լոյսին կու գայ երկիրը տրորող տնտեսական շատ սուր տագնապի մը մթնոլորտին մէջ, վերջին երեք տարիներուն Հալէպ հրատարակուած հայերէն առաջին գիրքն է…», կ՚եզրափակէ հեղինակը։