“Երկիր”._Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ատրպէյճանցի երիտասարդութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին յայտարարած է.”Հայրենական պատերազմի տարիներուն ատրպէյճանցի երիտասարդները շատ աշխուժ էին ընկերային ցանցերու վրայ եւ ընդհանուր առումով, կրնամ ըսել, որ մենք յաղթեցինք նաեւ տեղեկատուական պատերազմի մէջ”։ Անոր խօսքին համաձայն, տեղեկատուական պատերազմին մէջ «յաղթանակը ապահովուած» է ինչպէս աւանդական տեղեկատուական աղբիւրներու, ընկերային ցանցերու միջոցով։ «Մենք անգամ մը եւս ականատես եղանք երիտասարդութեան մեծ հայրենասիրութեան եւ հայրենիքի հանդէպ սիրուն։ Նշեմ նաեւ , որ այս գործին միացած են ոչ միայն Ատրպէյճանի քաղաքացիները, այլեւ ողջ աշխարհի ատրպէյճանցիները՝ ինքնակամ, անձնական նախաձեռնութեամբ։ Անոնց ոչ ոք հրահանգ տուած է, անոնք իրենք դարձուցած են տեղեկատուական դաշտի ռազմիկներ ու աշխարհին փոխանցած են ատրպէյճանական իրողութիւնները», ըսած է ան։ Ալիեւ նաեւ յայտնած է, որ տեղեկատուական պատերազմը կը շարունակուի, եւ անոր աւարտը չ’երեւիր։