Ատրպէյճանի խորհրդարանը Երեքշաբթի, 1 Փետրուարին կայացած լիագումար նիստին ընթացքին հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին, այսպէս կոչուած՝ «Շուշիի հռչակագիրին»։
Յիշեցնենք, որ բռնագրաւուած  Շուշիի մէջ կնքուած թուրք-ատրպէյճանական հռչակագիրը ստորագրուած էր 15 Յունիս 2021-ին, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի կողմէ։
Ատրպէյճան եւ Թուրքիա,  հռչակագիրին համաձայն, պայմանաւորուած են ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիման վրայ զինուորական փոխադարձ օգնութիւն ցուցաբերել կողմերէն մէկուն անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգներուն եւ սպառնալիքներուն պարագային։
Հռչակագիրին համաձայն, եթէ նման վտանգներ յառաջանան, Պաքու եւ Անգարա միատեղ խորհրդակցութիւններ կը կատարեն, հանդէս կու գան այդ վտանգներն ու սպառնալիքները վերացնելու նախաձեռնութիւններով եւ փոխադարձ օգնութիւն կը ցուցաբերեն իրարու։ Միաժամանակ, անյապաղ քննարկումներու եւ միատեղ գործողութիւններու միջոցով կ’որոշեն օգնութեան ծաւալն ու ձեւը, իսկ երկու երկիրներու զինեալ ուժերը կ’իրականացնեն անհրաժեշտ համակարգումը։
Բացի այս բոլորէն՝ հռչակագիրին մէջ տեղ գտած կէտի մը համաձայն, Պաքու եւ Անգարա կը շարունակեն իրենց միատեղ ջանքերը՝ երկու երկիրներու զինեալ ուժերը ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան արդիականացնելու համար։
Հռչակագիրին մէկ այլ հակահայկական կէտով կը նշուի, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա «կ’աջակցին առանձին երկիրներու արխիւներու բացմանը եւ պատմաբաններու կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ի դէպքերուն հետաքննութեան»: