“Երկիր Մետիա”._Ռուսիան ու Ֆրանսան հաստատած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու աշխատանքի կարեւորութիւնը արցախեան հիմնահարցի լուծման մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ֆրանսացի գործընկեր Էմանուէլ Մաքրոնի հետ բանակցութիւններէ վերջ։ Ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու ատեն ընդգծուած է ռուս խաղաղապահներու դրական դերը՝ ապահովելու հրադադարի դրութիւնը եւ օգնելու մարդոց վերադառնալու խաղաղ կեանքի։ «Մենք կը հաստատենք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական, ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման հարցով», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը` հանդիպումին արդիւնքները ամփոփելով: Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն ներկայացուցած է Եւրոխորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ վերջերս տեղի ունեցած տեսաժողովին արդիւնքները: Յիշեցնենք, որ երԷկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ժամանած է Մոսկուա: Մաքրոնի ու Փութինի քննարկումներուն առանցքը Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակն է: