Երկուշաբթի, 7 Փետրուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Դամասկոսի «Շիրաթոն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ «Ներդրումային, Դրամատնային եւ Փոքր Ծրագիրներ» վերնագիրը կրող տնտեսական հարցերու շուրջ երկխօսութեան հանդիպում մը, մասնակցութեամբ՝ գործարարներու, առեւտուրի, գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, ֆինանսի եւ կառավարական այլ հատուածներու ներկայացուցիչներու։ Հանդիպումին նպատակն էր արդիւնաբերական եւ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման միջոցներու որոնումը, ֆինանսաւորում ապահովելը եւ Սուրիայէն ներս ներկայ եւ ապագայ ներդրումային առիթներու ընդլայնումը։