Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Եաւուզ Սելիմ Քիրան Hurriyet թերթին յայտնած է, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կանոնաւոր հերթականութեամբ «ազգային անվտանգութեան» հարցերու շուրջ կը խորհրդակցին՝ փորձելով աւելի խորացնել իրենց յատուկ «Երկու պետութիւն, մէկ Ազգ» սկզբունքը։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ վերջերս ստորագրուած երկկողմ համաձայնագիրը ճամբայ կը բանայ երկու դաշնակիցներու միջեւ զինուորական եւ անվտանգութեան ոլորտներու մէջ գործակցութեան շրջանակներու ընդլայնումին համար։ Նշուած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուցած է «Շուշիի արձանագրութիւնը»՝ նախագիծը, որ երկու երկիրներու ղեկավարները ստորագրած են Յունիս 2021-ին: Միաժամանակ Քիրան աւելցուցած է, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ունին երկար պատմութիւն եւ խոր մշակութային և լեզուական կապեր՝ նկատել տալով, որ «Շուշիի արձանագրութիւնը» շատ ամուր հիմք ստեղծած է այդ կապերը ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշինքի հասցնելու համար։ Քիրանի տրամադրած տեղեկատուութեան համաձայն, արձանագրութիւնը կը սահմանէ երկու երկիրներուն միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններ հաստատելու քաղաքական եւ իրաւական կառուցուածքը: Քիրան ականազերծումը անուանած է Ատրպէյճանին Թուրքիոյ զինուորական յանձնառութեան ամենակարեւոր տուեալներէն մէկը, որովհետեւ ան օգնած է Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած շրջաններէն 132 քառակուսի քիլոմեթր տարածք մաքրել ականներէն: