“Էրմէնիհապեր”._Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն պատասխանած է, Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին Հայաստանի կարելի մասնակցութեան ձեւաչափին ու յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Վիեննայի մէջ սպասուող հանդիպումին մասին լրագրողներու հարցումներուն: «TRThaber»-ի փոխանցումին համաձայն, Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին Հայաստանի կարելի մասնակցութեան մասին Չաւուշօղլուն ըսած է հետեւեալը. «Գիտնականներէ եւ այլ հիւրերէն բացի հրաւէրներ ուղարկած ենք Հայասսանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբինեանին եւ արտաքին գործոց նախարարին։ Փաշինեանին հրաւէր չենք ուղարկած, (երկիրներու) առաջնորդներուն նախագահը հրաւէր ուղարկած է: Նախարարի մակարդակով մասնակցութիւնը հաստատած երկիրներուն թիւը հասած է 60-ի: Հայաստանէն տակաւին հաստատում չէ եկած։ Իսրայէլէն հրաւիրած ենք արտաքին գործոց նախարարը եւ մէկ քանի գիտնական, բայց տակաւին հաստատում չկայ»: Յատուկ ներկայացուցիչներուն Վիեննայի մէջ սպասուող հանդիպումին մասին Չաւուշօղլուն յայտնած է. «Հայաստան այդպէս ցանկացած է։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին առաջարկած են 2-րդ հանդիպումը կամ Վիեննայի, կամ Ժնեւի մէջ կատարել: Պարոն Սերտարի հետ խօսեցանք, խորհրդակցեցանք. գիտէք, որ Ժնեւի մէջ անցեալին անյաջողութիւն եղած է, որպէսզի նոյն շարունակութիւնը չունենայ, որոշեցինք Վիեննա ըլլայ»: