“Էրմէնիհապեր”.- Թրքական լրատուամիջոցներ յայտնած են, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի ու ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնտոնի Պլինքընի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային զրոյց։ Զրոյցին ընթացքին կողմերը քննարկած են Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ ընթացքը։ Խօսուած է նաեւ ռուս-ուքրանական լարուածութեան մասին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ քրտական ուժերու մասին, որոնց Անգարան կը համարէ ահաբեկչական ուժեր: Զրոյցի ընթացքին թրքական կողմը Պլինքընը հրաւիրած է մասնակցելու Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին։