Երեքշաբթի, 8 Փետրուար 2022-ին, Լիբանանի Հզպալլահի քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլա Իրանեան «Ալ Ալամ» պատկերասփիւռային կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ մղուած ահաբեկչական պատերազմը աւարտին հասաւ եւ նպատակը չ՚իրականացուց, սակայն անհրաժեշտ է զգուշ ըլլալ, որովհետեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանաններուն մէջ տակաւին առկայ են զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, իսկ արեւմուտքը ջանք չի խնայեր ՏԱՀԵՇ- զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումը վերակենդանացնելու Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։ Նասրալլա աւելցնելով ըսաւ. «Վերջերս պատահած դէպքերը, ինչպէս՝ Հասիչէի «Սինաա» բանտէն ներս տեղի ունեցած դէպքը պատահմամբ տեղի չունեցան, այլ տարածաշրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման վերակենդանացման ծառայեցին, մանաւանդ, որ ՏԱՀԵՇ-ի հարիւրաւոր ղեկավարներ մինչեւ օրս չեն ձերբակալուած: Աւելին. ռուսական գաղտնի սպասարկութիւնը տեղեկութիւններ ստացած է այն մասին, որ ԱՄՆ Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ վերստին կը գործակցի, ինչ որ զարմանալի երեւոյթ մը չէ այն ամերիկացիին համար, որ արեւելեան Եփրատէն կազ եւ քարիւղ կը թալանէ»։ Նասրալլա անդրադարձաւ սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումներուն դէմ դնելուն, յայտնելով, որ ներկայ փուլին Սուրիոյ պետութեան առաջնահերթութիւններէն է ահաբեկչական հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ պայքարիլն ու ԱՄՆ-ի պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցներուն ի տես երկրի տնտեսութեան զարգացման ապահովումը: