Երկուշաբթի, 14 Փետրուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլիկ Սերոմոլոթով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերը տեղեկացած է, թէ ԱՄՆ-ի գաղտնի սպասարկութիւնը կը ծրագրէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական մարած բջիջներ արթնցնելու եւ զանոնք պատրաստելու՝ սուրիական բանակին, ռուս եւ իրանցի զինուորներուն դէմ յարձակումներ գործելու համար։ Սերոմոլոթով աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերը յարմար միջոցներուն կը ձեռնարկեն, որպէսզի պատրաստ ըլլան նման յարձակումներու։ Ան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ օտար ահաբեկիչներու ներկայութիւնը վտանգաւոր է, հետեւաբար, անհրաժեշտ է զգուշ ըլլալ եւ անոնց շարժումը կանխարգիլել, աւելցնելով, որ տարածաշրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ այլ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու գոյութիւնը համաշխարհային ապահովութեան կը սպառնայ։