Երեքշաբթի, 15 Փետրուար 2022-ին, զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ առաւօտեան ժամը 7:25-ին, Դամասկոսի «Տուար Ճամարէք» շրջանին մօտ տեղադրուած զինուորական փոխադրակառքի մը մէջ ահաբեկիչներու կողմէ տեղաւորուած ական մը պայթեցաւ, որուն հետեւանքով զինուոր մը նահատակուեցաւ եւ 11 վիրաւոր արձանագրուեցաւ։