Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը թուիթըրեան գրառումով մը յայտնած է, որ Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Տմիթրի Քուլեպա եւ Մեւլութ Չաւուշօղլու քննարկած են Սեւ եւ Ազովի ծովերու ջրային տարածքներուն մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ շուրջ լարուածութիւնը մեղմացնելու դիւանագիտական ուղիները:
Ան ողջունած է «Անգարայի աշխուժ ջանքերը»:
Անոր համաձայն, Քուլեպա եւ Չաւուշօղլու քննարկած են Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ զինուորական արհեստագիտութեան գործակցութեան զարգացման միջոցները: