“Արմէնփրէս”._Եւրոպական խորհրդարանը ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան իրականացման մասին 2021_ի տարեկան զեկոյցով վերահաստատած է իր շարունակական աջակցութիւնը ԱԼԳ երկիրներուն, յատկապէս անոնց անկախութեան, ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան՝ իրենց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին կամքը յարգելու: Եւրոպական խորհրդարանը իր զեկոյցին մէջ կոչ ուղղած է լիարժէքօրէն կատարելու Հայաստանի հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, ընդգծած է Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ-ի եւ անդամ պետութիւններու մասնակցութեան ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային տէրութիւններու ազդեցութեան եւ միջամտութեան հակազդելու համար: Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ կոչ ուղղած է ԵՄ-ին, անոր անդամ պետութիւններուն եւ փոխախագահ/բարձր ներկայացուցիչին աշխուժօրէն մասնակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կայուն կարգաւորման ի նպաստ եւ կանխելու տարածաշրջանի մէջ լարուածութեան հետագայ ծրագիրը, յատկապէս, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ յետպատերազմեան հարցերու լուծման, սահմաններու սահմանազատման եւ բոլոր ռազմագերիները ազատ արձակելու համար: Յիշուած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը կը մնայ այդ հակամարտութեան կարգաւորման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափը՝ տարածքային ամբողջականութեան, ուժի չկիրառման, ինքնորոշման իրաւունքի եւ իրաւահաւասարութեան, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքներուն հիման վրայ: Եւրոպական խորհրդարանը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին կոչ ուղղած է շուտափոյթ վերադառնալու իր միջնորդական դերին: