17 Փետրուար 2022-ին Վրաստանի հայաբնակ Ջաւախքի շրջանի Ախալքալաք քաղաքի ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ սկիզբ առած են առաջին աշխատանքները։ ԹՈՒՄՕ-ի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Ջաւախքի մասնաճիւղի գործակցութեան շնորհիւ աւելի քան 200 պատանիներ արդէն գրանցուած են կեդրոն այցելելու եւ ճարտարագիտութեան ու ձեւաւորման հմտութիւններ ձեռք բերելու համար: «Մեզի համար շատ խորհրդանշական է Ախալքալաքի մէջ ԹՈՒՄՕ կեդրոն բանալը։ Որպէս միջազգային վայր, որ կը ծառայէ հարիւրաւոր հայ պատանիներու, այս նոր տուփը ցոյց կու տայ մեր առաքելութիւնը՝ հասնելու իւրաքանչիւր հայ համայնքի սահմաններէն այն կողմ», ըսաւ ԹՈՒՄՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան: «Ախլքալաք Կեդրոնը» առաջին քայլն է ԹՈՒՄՕ-ի անվճար կրթական ծրագիրը Ջաւախքի դեռահասներուն համար՝ ապագային կարելի ընդլայնումի ծրագիրներով: