Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (AMAA) ուրախ է յայտարարելու, որ իր խրախուսանքով եւ հովանաւորութեամբ Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ արեւմտահայերէնի ուղղագրութեան եւ կէտադրութեան նուիրուած հանրամատչելի նոր ուղեցոյց մը։ Նորատիպ հատորը, որ բաղկացած է 156 էջերէ, կը կրէ «Գրականաշունչ Պտոյտ՝ Այբուբենի Տառերուն Հետ» խորագիրը։ Գիրքին հեղինակն է հալէպահայ ծանօթ գրող, մամլոյ աշխատակից եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեան։ Հատորը թէեւ բնոյթով գերազանցապէս քերականական գործ մը կը նկատուի, սակայն գրի առնուած է դիւրամատչելի լեզուով եւ կրնայ ընթերցանութեան գիրքի մը պէս հեզասահ կարդացուիլ՝ իր մայրենի լեզուն բարելաւելու եւ անոր ուղղագրական կանոններուն ծանօթանալու փափաք ունեցող ամէն տարիքի հայորդիի կողմէ։ Սակայն անիկա մասնաւորաբար օգտակար պիտի ըլլայ սփիւռքահայ վարժարաններու հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն, բարձրագոյն կարգերու աշակերտներուն եւ հայագիտական հիմնարկներու ուսանողներուն համար։ Հատորին յառաջաբանը ստորագրած է լիբանանահայ ծանօթ քերականագէտ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան։ Ան նկատել կու տայ, որ «ներկայ հաւաքածոն առաջին ակնարկով կը թուի ըլլալ ուղղագրական մէկ սեղմ ուղեցոյցը արեւմտահայերէնի ամենայաճախուած ու երբեմն անյաղթահարելի թուող սխալներուն, սակայն հազիւ քանի մը էջ խորացած՝ ընթերցողը կ՛անդրադառնայ, որ ուղղագրական կարեւոր գիտելիք մը իւրացնելու կողքին՝ վերահասու դարձաւ նաեւ գրական, պատմական, մշակութային բազմաթիւ գիտելիքներու, որոնց այլապէս դժուար թէ առիթը ունենար այսպէս ընտրովի ու համատեղ հանդիպելու, եւ ան ամէն քայլին պիտի վարձատրուի գեղեցիկ գիւտով մը ու խելացի առաջարկով մը»: Իսկ հատորին հեղինակը իր նախաբանին մէջ կը բացատրէ, թէ այս գործին ձեռնարկեց, որովհետեւ ուսուցչական իր երկարամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին մի՛շտ ցաւով կ՛անդրադառնար, թէ հայկական երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու շրջանաւարտութեան թեկնածուները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ իրենց մայրենի լեզուն անթերի ուղղագրութեամբ գրելու անկարող եղած էին…։ Ճիշդ այս մեկնակէտէն ճամբայ ելլելով՝ Շառոյեան ձեռնարկած է սոյն աշխատասիրութեան պատրաստութեան։ Ան հմտօրէն սեւեռումի ենթարկած է հայոց այբուբենէն 2‎1 տառեր՝ իրենց յարուցած ուղղագրական բարդութիւններով։ Այս երկու տասնեակ տառերը, զոյգ առ զոյգ վերցուած, այբուբենի այն գիրերն են, որոնք ուղղագրական համակարգին մէջ նմանահնչիւն են. բաղաձայններէն՝ Բ-Փ, Գ-Ք, Դ-Թ, Հ-Յ, Ձ-Ց, Չ-Ջ, Ռ-Ր, Վ-Ւ, իսկ ձայնաւորներէն՝ Ե-Է եւ Ո-Օ, որոնց վրայ իբրեւ 21րդ տառ կ՛աւելնայ «Ը» գիրը, որ շփոթի առարկայ կը դառնայ իր ստուերին՝ «սուղ ըթ»ին սարքած խաղերուն պատճառաւ…։ Ուրեմն, գործին հիմնական նպատակն է կարելի եղած չափով դարմանել մեր ուղղագրական սխալները եւ ուղիներ ցոյց տալ՝ յաղթահարելու համար նմանահնչիւն տառերէն ծնունդ առնող ուղղագրական դժուարութիւնները։ Նորատիպ գիրքը միայն ուղղագրական ուղեցոյց չէ սակայն։ Անիկա ունի երկու այլ երեսներ եւս։ Նախ՝ բառագիտութիւն։ Հեղինակը, մասնակի կերպով, բազմաթիւ նմանահնչիւն բառերու վրայ հակելով իր գլուխը՝ կը վերծանէ կամ կը ստուգաբանէ զանոնք՝ ցոյց տալով հայերէն բառերու կազմութեան գաղտնիքները…։ Ան շատ հետաքրքրական գիւտերու դէմ յանդիման կը թողու իր ընթերցողները։ Յետոյ՝ կէտադրութիւն։ Այս ալ ուրի՛շ խոցելի կէտ մըն է մեր դպրոցականներուն մէջ, որովհետեւ բաւարար չափով կամ կարեւորութեամբ չի դասաւանդուիր մեր վարժարաններուն մէջ։ Գիրքը շուրջ 20 էջ յատկացուցած է հայերէնի կէտադրական նշաններուն, մանրամասն բացատրելով իւրաքանչիւր նշանի գործածութեան օրէնքներն ու ոլորտները եւ բոլորին համար տալով բազմաթիւ տպաւորիչ օրինակներ։

(Հաղորդագրութիւնը՝ AMAA-էն)