Հայ հասարակական, քաղաքական շրջանակներու ներկայացուցիչները այսօր՝ 22 Փետրուարին, բողոքի ցոյց իրականացուցած են Երեւանի մէջ՝ Մարզահամերգային համալիրի շէնքին առջեւ, ուր կ’ընթանան Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնաժողովներու նիստերը։ Երեւան հիւընկալած է Եւրոնեսթ ԽՎ-ի Բիւրոյի եւ 2 յանձնաժողովներու միատեղ նիստերու պատուիրակները, որոնց մէջ կան ներկայացուցիչներ Եւրոպական խորհրդարանէն, Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու խորհրդարաններէն նաեւ Ատրպէյճանէն։ Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին բակը հոծ բազմութիւն հաւաքուած է։ Համալիրին ողջ տարածքը հսկողութիւն բանեցուցած են մեծաքանակ ոստիկաններ։ Ցոյցին մասնակցած են քաղաքացիներ, հասարակական և քաղաքական գործիչներ: Անոնք իրենց վրդովմունքը յայտնած են եւրոպական պատուիրակութիւններուն` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութեան շարունակական դրսեւորումներուն ի տես անտարբեր մնալնուն առիթով: Ցոյցի մասնակիցները ուշադրութիւն հրաւիրած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութեան, պատերազմի հետեւանքով գերեվարուած հայ գերիներուն, Արցախի բռնագրաւուած շրջաններու մէջ իրականցուող մշակութային ցեղասպանութեան վրայ։ Ցոյցին ընթացքին իրավիճակը լարուած է, ցոյցի մասնակիցներէն մէկը փորձած է ճեղքել ոստիկանական պատնէշը, ապա սկսած է քաշքշուկ ցոյցի մասնակցիներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ։ Ցոյցին կը մասնակցէր նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը, որ նախապէս յայտարարութիւն տարածած էր` կոչ ուղղելով մեր հայրենակիցներուն մասնակցելու այս ցոյցերուն։