«Էրմէնիհապեր» յղում կատարելով թրքական «Ենիշաֆաք» թերթէն կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան ափրիկեան երկիրներ կատարած պաշտօնական այցելութիւններէն վերադարձած պահուն օդանաւին մէջ պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն։ Անոնցմէ մէկը վերաբերած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման առկայ գործընթացին:
Լրագրողը Էրտողանին հարցուցած է, թէ ի՛նչ են անոր ակնկալութիւնները հայ-թրքական բանակցութիւններէն եւ իրականութեան մէջ ինչ դիրք կը զբաղեցնէ Ատրպէյճանը «այդ հաւասարման մէջ»:
Ի պատասխան՝ Էրտողան մասնաւորապէս ըսած է.
«Գիտէք, ես ըսած էի, որ մենք նոյն ձեւով կը պատասխանենք Հայաստանի առնելիք դրական քայլերուն: Այս տարածաշրջանը կարիք ունի խաղաղութեան, կայունութեան ու բարեկեցութեան: Այս գիտակցումով մեր երկրի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց սկսելու համար անկեղծ ջանքեր սկսանք: Ատրպէյճանի նախագահ, իմ եղբայր Իլհամ Ալիեւն ալ ասիկա օգտակար կը համարէ: Գոհ ենք նաեւ մեզի հետ կարգաւորման ուղղուելու Հայաստանի ցուցաբերած կամքէն»: