11 Մարտին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան ընդունած է Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանին ղեկավարած պատուիրակութիւնը: Ողջունելով հիւրերը՝ Արթուր Թովմասեան բարձր գնահատած է Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին հայանպաստ գործունէութիւնը՝ շեշտելով Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին «Լեռնային Ղարաբաղի պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման» մասին բանաձեւի ներառման ու Ատրպէյճանի սանձարձակութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունման հարցով գրասենեակին կատարած հսկայական աշխատանքը։ Խորհրդարանի ղեկավարը անդրադարձած է 44-օրեայ պատերազմին ու յետպատերազմեան իրողութիւններուն, աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումներուն, ընդգծած է համազգային օրակարգ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Գասպար Կարապետեան մտահոգիչ որակած է Ատրպէյճանին շարունակուող սադրանքները, շեշտած է ամէն գնով արցախցին Արցախի մէջ պահելու կարեւորութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է «Արցախի Հանրապետութիւն- Եւրախորհրդարան» բարեկամական խումբի ընելիքները, նախանշուած են մօտակայ ծրագիրները՝ առնչուած Եւրոպայի մէջ Արցախի բարեկամներու ներուժը ճիշդ օգտագործելուն: Հանդիպումին ներկայ էին ԱՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան եւ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան: