ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան Արցախի ԱԺ արտահերթ նիստին յայտարարած է, որ Արցախի մէջ որեւէ մէկը դէմ չէ խաղաղութեան, բայց ի՞նչ գին պիտի ունենայ այդ խաղաղութիւնը։ «Արցախի մէջ որեւէ մէկը դէմ չէ խաղաղութեան, որեւէ մէկը պատերազմի կողմնակից չէ, բայց խաղաղութեան դարաշրջանի բացումը կ’ենթադրէ գին,մեզի հետ քննարկա՞ծ են, մենք տեղեա՞կ ենք այն փաթեթին, այն գործընթացներուն, որու շուրջ ծաւալած են բանակցութիւնները։

Ի՞նչ գին պիտի ունենայ այդ խաղաղութիւնը։ Զիս կը հետաքրքրէ մէկ հարց՝ մեզի հետ քննարկա՞ծ են, մենք տեղեա՞կ ենք այն փաթեթին, այն գործընթացներուն, որու շուրջ ծաւալած են բանակցութիւնները», ըսած է ան։ ՀՅԴ-ական պատգամաւորը յայտարարած է թէ այն գործընթացը, որ իրենց մտահոգութիւններու դաշտի մէջ է, պարտաւոր են կանխել։