Զաւարեան Մշակութային Կեդրոնի «Արշիլ Կորքի» սրահէն ներս, 5 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, հիմնարկի շրջանաւարտ Անի Դաւիթեան- Ուրիշիկեան ներկայացուց իր աւարտաճառը։
 
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Հիմնարկի վարչութեան, տնօրէնութեան, դասախօսական կազմին, աւարտական կարգի ուսանողներուն եւ հիւրերու ներկայութեան:
 
Անի Դաւիթեան-Ուրիշիկեան ներկայացուց 135 էջերու վրայ երկարող «Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը 1996-2016» խորագիրը կրող իր ուսումնասիրութիւնը, ղեկավարութեամբ` պատմական գիտութիւններու թեկնածու, հիմնարկի դասախօս դոկտ. Հուրի Ազէզեանի:
 
Երկրիս դժնդակ այս օրերուն, անոնք իրենց անխոնջ աշխատանքով լուսարձակի տակ առած էին հիմնարկին հիմնադրութենէն՝ 1996-էն մինչեւ 2016 երկարող ժամանակաշրջանը։
 
Հանդիսութիւնը սկսաւ հիմնարկի տնօրէնուհի Սիլվա Ճապաղջուրեանի խօսքով։ Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Անի Դաւիթեանի ու աւարտաճառի հովանաւոր դոկտ. Հուրի Ազէզեանի փութաջան աշխատանքը և խրախուսեց հիմնարկի ուսանողները՝ հիմնարկի քառամեայ ընթացքը աւարտելով իրենց աւարտաճառերը ներկայացնելու եւ արժանանալու հիմնարկի վկայականին։
 
Անի Դաւիթեան ներկայացուց իր աւարտաճառը, որ կը բաղկանար երեք հիմնական մասերէ, եզրակացութենէ եւ յաւելուածէ: Իւրաքանչիւր մաս կ’ընդգրկէր երկու ենթավերնագիր: Ծաւալը 135 էջ էր։
Ան յիշեց երկրի անկայուն վիճակը եւ աղբիւրներ որոնելու սահմանափակ կարելիութիւնները, որոնք դժուարացուցած էին աշխատանքին առաջընթացը: Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ աւարտաճառին պատմական բնոյթ տալու համար անհրաժեշտ համարուած է անդրադառնալ հիմնադրութեան Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հալէպի Մասնաճիւղին եւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, որոնք սերտօրէն միաձուլուած կը մնան:
Այնուհետեւ շեշտեց, որ կարելի չէր անջատել Հայագիտական Հիմնարկի պատմութիւնը Հալէպի հայ համայնքի կրթական կեանքի պատմութենէն եւ մայրենիի պահպանման հոլովոյթէն:
Աւարտաճառի առաջին մասի առաջին ենթավերնագիրին ներքեւ Պատմական Ակնարկով մը անդրադարձ կը կատարուէր Հալէպի Հայ Համայնքին եւ անոր Կրթական տարածքին, իսկ երկրորդ ենթավերնագիրին ներքեւ կը ներկայացուէին Սուրիոյ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը եւ Հայագիտական Հիմնարկի Հիմնադրութեան Նախադրեալները:
Այս բաժինին մէջ Ուրիշիկեան շեշտեց, որ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը, իր բեղուն գործունէութեամբ, նախ գաղութիս, ապա Միջին Արեւելքի ու Սփիւռքի մէջ որակաւոր մարդուժի դարբնոցը հանդիսացաւ՝ կազմաւորելու անաղարտ մայրենիի պաշտպաններ, մշակութային կեանքի նուիրեալներ, հայերէնաւանդ ուսուցիչներ, մանկավարժներ եւ ազգային գործիչներ:
Երկրորդ մասը կ’ընդգրկէր Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի հիմնադրութիւնն ու գործունէութեան առաջին եւ երկրորդ շրջանները՝ (1996-1999) եւ (2000-2003) տարիներուն, ինչպէս նաեւ հիմնարկի հիմնադրութեան նպատակը, ծրագիրը, կանոնագիրը, պաշտօնական բացումը, տարեկան գործունէութիւնը, դասաւանդուած նիւթերը, դասախօսները եւ ներկայացուած աւարտաճառերը:
Ուրիշիկեան երկրորդ մասի առաջին ենթավերնագիրին ներքեւ անդրադարձ կատարեց Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի Հիմնադրութեան եւ անոր քառամեայ ընթացքին՝ (1996 -1999), լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան յարատեւ ճիգերը՝ յաջողութեամբ պսակելու իր իսկ ձեռնարկած ծրագիրին իրագործումը:
Շրջ. Վարչութեան հիմնական նպատակը եղած է Հայագիտութեան հակում ունեցող ուսանողներուն ուսումնառութեան առիթ ընծայել, որակաւոր մարդուժ պատրաստել եւ մանաւանդ՝ ազգային կեանքէն ներս մտաւորականներու կազմաւորման ենթահող հայթայթել:
«Հայագիտական Եռամեայ Դասընթացք»ի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 1 Նոյեմբեր 1996-ին՝ եռամեայ ծրագիրով, ապա փոխարինուելով քառամեայ ծրագիրով մը, Հայագիտական հիմնարկը ծնունդ տուած է 13 ուսանողներէ բաղկացած անդրանիկ հունձքին՝ 1 Օգոստոս 2000-ին:
Երկրորդ մասի երկրորդ ենթավերնագիրը կը յուշէր հիմնարկի Գործունէութեան Բ. Շրջանը՝ (2000 -2003 թթ.), որուն ընթացքին շրջանաւարտները պաշտօնական վկայագրերով, հրապարակային հանդիսութեամբ կը վկայուին 4 Օգոստոս 2001-ին եւ որպէս անդրանիկ հունձք կը կոչուին «Աղբալեան» սերունդ: Անոնցմէ շատեր կը դառնան հայերէնաւանդ ուսուցիչներ եւ ներդրում կ’ունենան համայնքի կրթամշակութային կեանքին:
Այստեղ անհրաժեշտ է յիշել, որ միաւորի վարչութիւնը ձեռնարկած է նաեւ Առաւօտեան Դասընթացք-Լսարանի մը՝ երկու տարուան խտացեալ ծրագրով:
Բ. Հունձքի 7 շրջանաւարտները 7 Օգոստոս 2003-ին հրապարակային ձեռնարկով մը մատուցած են իրենց աւարտաճառերը:
Ուշագրաւ է նոյն շրջանին ուսումնական ծրագրի վերամշակումը Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան»-ի Անուան Պետական Մանկավարժական Համալսարանի ծրագրին հիման վրայ:
Երրորդ մասով Դաւիթեան ներկայացուց հիմնարկի երրորդ շրջանը (2004-2011), որուն ընթացքին կնքուած է Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան»-ի անուան Մանկավարժական Համալսարանի հետ պայմանագիրը եւ սկսած է Հայագիտական Հիմնարկ – Հայաստան գործակցութիւնը, որպէս անկիւնադարձ հիմնարկի գործունէութեան երթին: Այս մէկը առիթը ընծայած է խոստմնալից շրջանաւարտներուն իրենց ուսումնառութիւնը շարունակելու յիշեալ համալսարանէն ներս, ուր երկու տարի ուսանելէ ետք կարելիութիւն պիտի ունենային ձեռք ձգելու համալսարանի համապատասխան վկայականը:
Ուսումնասիրութեան երրորդ բաժինէն անմասն չէր կրնար մնալ նաեւ հիմնարկի իրավիճակը Սուրիոյ տագնապի տարիներուն։ Այս մասը կը կրէր « Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը Սուրիական Տագնապի Տարիներուն » ( 2011-2016 թթ.) խորագիրը: Այնտեղ կը յիշուէին տագնապէն յառաջացած դժուարութիւնները եւ անոնց յաղթահարումը՝ նուիրեալներու ջանքերով։
Աւարտաճառին օգտագործուած աղբիւրներէն Անին նշեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Հայագիտական Հիմնարկի տեղեկագրերն ու արխիւները, ինչպէս նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի պաշտօնաթերթ «Գանձասար»-էն քաղուած յօդուածներ եւ թղթակցութիւններ, նաեւ այլ փաստաթուղթեր եւ համացանցային տեղեկութիւններ:
Աւարտաճառի վերջին բաժինը կ’ընդգրկէր եզրակացութիւնը եւ յաւելուածները, ապա՝ մատենագիտական ցանկը, արխիւային նիւթերը եւ վաւերական պատկերները:
Անին եւ իր ղեկավարը` դոկտ. Հուրի Ազէզեանը, իրենց տարիներու աշխատանքին արգասիքը ընծայած էին Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին:
Աւարտաճառին անդրադարձ կատարեցին հիմնարկի դաստախօսներ՝ Արփի Սանոսեան եւ Լեւոն Շառոյեան, որոնք բարձր գնահատեցին այս շահեկան եւ ծաւալուն աւարտաճառը, մատնանշեցին գերգնահատելի դրական կէտեր եւ կարգ մը բացթողումներ:
Անոնք հաստատեցին, որ աւարտաճառը ստացած է բնոյթը յուշամատեանի մը, որ կրնայ կորիզը կազմել հիմնարկի պատմագրական հատորին:
Աւարտին, իր ղեկավարի խօսքը արտասանեց դոկտ. Հուրի Ազէզեան, որ շնորհակալիքով, շնորհաւորանքով եւ սիրալիր խօսքերով հրաժեշտ տուաւ բոլորին։
 
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան իր համառօտ խօսքով անդրադարձաւ այս տարեշրջանին յառաջացած հիմնարկի Գիտական Խորհուրդին, նախատեսուած ծրագրին եւ հիմնարկի կրթական համակարգին։
Ձեռնարկը աւարտին հասաւ շնորհաւորական ջերմ խօսքերով եւ հիւրասիրութեամբ։
Շատեր անցան այս հիմնարկէն, սրբավայրէն եւ տակաւին կու գան նորերը …
Երթը կը շարունակուի…
 
Նորա Մանսուրեան