Կիրակի, 10 Ապրիլ 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը խորհրդանշող ցնծալի տօնը։
 
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։ Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական Բաբգէն Պաթալեան, Ազգային Գործիչ Վրէժ Եագուպեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:
 
Ձիթենիի ճիւղերով բարեզարդուած եկեղեցւոյ մէջ երեխաներուն մեծաթիւ ներկայութիւնը կ’աւետէր Տիրոջ յաղթական մուտքը Երուսաղէմ:
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի: Ս. Խորանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան եւ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան:
Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ, դպրապետ Բարշ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի ղեկավարութեամբ, դպրաց դասը Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած շարականներու հոգեպարար երգեցողութեամբ համակեց հաւատացեալներուն հոգիները:
Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ ձիթենիի ճիւղերու օրհնութիւն։
 
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով օրուան աստուածաշնչական ընթերցուածը. «Մեծապէս ուրախացիր, ով Սիոնի՛ աղջիկ, ահաւասիկ արդար Թագաւորը, Փրկիչը, հեզութեամբ քեզի կու գայ»: Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Քրիստոս չեկաւ երկրային իմաստով փրկութիւն շնորհելու մարդկութեան, այլ՝ հոգեւոր փրկութիւն, մաքրելու համար ժողովուրդը իր մեղքերէն: Հետեւաբար, Քրիստոս հեզութեան եւ խոնարհութեան օրինակ հանդիսացաւ եւ ժողովուրդի զաւակները, որպէս սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն, իրենց զգեստները փռեցին Անոր առջեւ:
Մասիս Եպիսկոպոս յայտնեց, որ թէեւ Ծաղկազարդի տօնը Քրիստոսի յաղթական մուտքն է Երուսաղէմ, սակայն ճշմարիտ եւ բուն յաղթանակը Ս. Յարութեան օրը իրականացաւ, երբ Տէրը մեռելներէն յարութիւն առաւ:
 
Սրբազան Հայրը յորդորեց հաւատացեալները հեզութեամբ եւ խոնարհութեամբ հետեւելու Քրիստոսի օրինակին եւ աղօթեց, որ Քրիստոսի երկնային խաղաղութիւնը մեր բոլորին վրայ հանգչի, յատկապէս մանուկներուն, որոնց օրհնութեան օրն է այսօր:
 
Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով եւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ներկաները միասնաբար «Կիլիկիա» մաղթերգը երգեցին: Ապա, կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան թափօր։ Սրբազան Հայրը ձիթենիի ճիւղերով զարդարուն սուրբ խաչով օրհնեց մանուկները։
 
Տօնախմբութեան աւարտին, եկեղեցւոյ դիմաց ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի փողերախումբը հնչեցուց «Կիլիկիա» մաղթերգը, ապա Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։ Յիշենք, որ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, մասնաճիւղի փողերախումբն ու սկաուտները, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, աւանդաբար տողանցեցին Հալէպի հայկական թաղամասերէն ներս:
 
Հաւատացեալները օրհնուած ճիւղեր ստանալով, աղօթքով եւ բարեմաղթութիւններու փոխանակումով վերադարձան իրենց տուները։