23 Ապրիլ 2022-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի նախօրէին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն մեկնարկեց ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը: Ջահերով երթը այս տարի կը կրէր «Զարթնի՛ր լաօ» խորագիրը:

Հանրապետութեան հրապարակը բազմամարդ էր: Պայքարի ջահակիրները կ՛երգէին երթի խորհրդանիշ «Զարթնիր լաօ» երգը: Ջահերով երթին ներկայ էին նաեւ ՀՀ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը:

Ելոյթ ունեցան ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ ՀՅԴ ՀԵՄ ԿՎ նախագահ Գոռ Սարգսեան: Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ այսօր պէտք է ամբողջ աշխարհին ցոյց տալ եւ ապացուցել, որ մենք տէր ենք Արցախին, մենք տէր ենք մեր պետականութեանը եւ տէր ենք հայ ժողովրդի ապագային, որուն համար պատրաստ ենք պայքարիլ, իսկ 25 Ապրիլէն մենք ամբողջ Հայաստանով կը սկսինք անդադար բողոքի գործողութիւններ:

Երբ Հայաստան կը գտնուի թրքացման, Արցախը` հայաթափման ճամբուն վրայ․ իր ելոյթով յայտնեց ՀՅԴ ՀԵՄ ԿՎ նախագահ Գոռ Սարգսեան, որպէս դաշնակցական երիտասարդ` մենք ձեզ կ՛առաջարկենք պայքար, պայքար յանուն մեր արժանապատուութեան, պայքար յանուն ուժեղ պետութեան:

«Զարթնիր լաօ» կոչով ջահերով երթի մասնակիցները Հանրապետութեան հրապարակին մէջ այրեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշները: Ապա երթը «պայքար, պայքար, պայքար» վանկարկումներով ուղղուեցաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Մասնակիցները բարձրացուցած էին Հայաստանի, Արցախի եւ այն երկիրներու դրօշները, որոնք ճանչցած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր հասած երթի հազարաւոր մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծ Եղեռնի աւելի քան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Անմար կրակին մօտ խոնարհեցուցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչած երկիրներու դրօշները:

Երթի մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ, ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, Ջահերով երթի աւարտին, Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ այսօրուընէ լաօն կը զարթնի, այսօրուընէ մենք պէտք է բանանք նոր արշալոյս:

Ան հաստատեց, որ հայ մարդը ամբողջ աշխարհին ցոյց տուաւ, որ ինք տէր է իր իրաւունքներուն, ինք պատրաստ է պայքարելու իր երկրին մէջ ապրելու իրաւունքի համար, ինքը տէր է Արցախին, ինքը տէր է իր անժամանցելի իրաւունքներուն:

Սաղաթէլեան ըսաւ` այսօրուընէ իւրաքանչիւրս իր սրտին, իր մէջքին կը կրէ խաչը, որ պատկերուած էր 1992-ին Շուշին ազատագրողներու թիկունքին, եւ որ այսօր գծուած է ջահակիրներու մէջքին, որովհետեւ այս պայքարը սրբազան պայքար է:

Անոր կոչին յաջորդեց բոլորին երդումը՝«Մենք Արցախի կողքին ենք»: