“Արմէնփրէս”._ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Նախարարները միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու առաջնորդներու մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման շուրջ։

Կողմերը համաձայնութեան եկած են սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի կառուցուածքին շուրջ։

Համաձայնած են յառաջիկային սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի առնչութեամբ հանդիպում կատարել։ Կողմերը քննարկած են նաեւ մարդասիրական հարցերու լուծման, ինչպէս նաեւ խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման հետ առնչուած հարցեր: