Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս . Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, լաթաքիահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց, որմէ ետք «Արարատ» սրահէն ներս լաթաքիահայութիւնը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը:

Ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ մէկ վարկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով յիշատակը աւելի քան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն: Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներէն ետք, օրուան բեմավարուհի Ֆիմի Քիւրքճեան-Լնդեան բացման խօսք արտասանեց, յիշելով որ համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան Կայսրութիւնը մեծ ոճիր գործեց և հայ ազգը բնաջնջումի ենթարկուեցաւ: 107 տարիներ անցան, սակայն մեր ազգային ողբերգութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Մենք՝ հրաշքով փրկուած հայութեան ժառանգորդներս, պէտք է քաջ գիտակցինք, թէ մեր պահանջատիրութիւնը չէ սահմանափակուած լոկ ցեղասպանութեան ճանաչումով, այլ մեր նախապապերուն կրած բոլոր կորուստներուն դիմաց ունինք արդար հատուցում ստանալու պահանջքը: Հարկ է վերապրիլ ու վերածնիլ:

Վճռապէս կրկնելու ենք մեր ուժգին ձայներով մեզի ժառանգուած կտակին պատգամը՝ կը յիշենք ու կը պահանջենք, կը յիշեցնենք ու յաւերժաբար տէր կանգնելու ենք մեր ազգին ու հայրենիքին: Օրուան բանախօսն էր Պարգեւ Աւագեան, վաստակաշատ ուսուցիչ, դաստիարակ, ազգային գործիչ:

Իր բանախօսութեան ընդմէջէն ան ըսաւ. «Սփիւռքը որպէս արդիւնք հայոց ցեղասպանութեան, անցաւ ֆիզիքական գոյատեւման պայմաններու որոնումէն, ինքնակերտումի, ինքզինք գերազանցեթու ճիգի ու զոհողութեան ճանապարհէն, հասնելով ազգային գիտակցութեան մէջ քանդակելու հայրենասիրութիւնն ու պահանջատիրութիւնը:

Մենք ապրելու իրաւունքը կրնանք ժառանգել միայն այն ատեն՝ երբ յանդգնութիւնը կ’ունենանք ուրիշին սխալը մատնանշելու, ու քաջութիւնը մեր յանցանքները ընդունելու ու տակաւին ու աւելին երբ ազնուութիւնը կ’ունենանք զանոնք սրբագրելու : Այս է բանալին ազգովին զարգանալու:

Այն ատեն է, որ մեր հաւաքական ինքնութիւնն ու կամքը կը դառնան իսկապէս համազգային և մենք անոնց շուրջ իբրեւ գիտակից ու միակամ ազգ, մեր հայրենի և արտերկրի զոյգ թեւերով ու համադրուած ճիգերով ժամանակի ընթացքին քայլ առ քայլ կ’իրագործենք մեր իրաւունքներու և առաջադրանքներու սրբութիւն սրբոցը՝ միացեալ Հայաստանը:

Առողջ և շինիչ ընդիմադրութեան մեր դիրքերէն անգամ մը եւս կը յիշեցնենք հայրերի իշխանութիւններուն, որ Հայաստանի պետականութեան հզօրացման լաւագոյն ուղին ազգային համաձայնութեան մը յանգումն է: Աշխատինք միասնաբար՝ արդիւնքը վայելենք հաւաքաբար: Կեցցէ՛ մեր ժողովուրդը Հայաստանի, Արցախի և սփիւռքի մէջ»։

Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան՝ ՍՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղը, Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբէն պարմանուհիներ, ՍԵՄ-ի «Կայծակ» և ՍՊՄ-ի «Արցախ» մասնաճիւղերը՝ համատեղ ներկայացնելու «Յաւերժութիւն» խորագրով բեմական պատկեր մը, որ կ’ընդգրկէր պար, ասմունք, և կենդանի պատկերներ:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը և Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը՝ «Գարուն» երգչախումբին և «Կիլիկիա» պարախումբին մասնակցութեամբ ներկայացուցին նաեւ Սիամանթոյին բանաստեղծութիւններէն:

Գեղարուեստական յայտագիրը աւարտելէ ետք, բեմավարուհին բեմ հրաւիրեց Արժ. Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան, որ հոգեւոր հովիւն է Լաթաքիոյ և Ծովեզերիայ շրջանին՝ փոխանցելու սրտին խօսքը և տալու օրուան եզրափակիչ պատգամը:

Ան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը ի սէր Քրիստոսի, հաւատքի և կրօնքի դարերէ ի վեր կը հալածուի և մինչեւ այսօր մեր իրաւունքները խլուած են, բայց մենք կը հաւատանք արդարութեան, ճշմարտութեան, մեր տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան: Թէեւ 107 տարիներ անցած են արդէն, սակայն մենք կարող ենք արդար հատուցման պահանջքը իրագործել ու վերադարձնել մեր բոլոր իրաւունքները միասնական ուժով:

Լօզունքներու ժամանակը չէ, այլ պէտք է ըլլալ գործնական հասնելու համար մեր ապագայի տեսլականին, հայ ժողովուրդը պէտք է ըլլայ մէկ տեսլականով և մէկ գաղափարով՝ մէկ ազգ ու մէկ հայրենիք ի նպաստ մեր ամբողջական հայրենիքի ազատագրման իրականացման:

Քահանայ Հայրը բարձր գնահատեց միութիւններուն պատրասրաստած ու ներկայացուցած յայտագրի տպաւորիչ զանազան բաժինները, շեշտելով, որ այսպիսի երիտասարդութիւն ունենալով անպայման կարող կը դառնանք վայելելու հայ ժողովուրդին յարութինը և վերահաստատելու մեր ինքնութիւնը:

Ոգեկոչման հանդիսութիւնը փակուեցաւ քահանայ հօր արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով:

Հերմիկ Տողրամաճեան Գաբրիէլեան