Եագուպիէցիները, Սուրիոյ ո՛ր քաղաքներուն մէջ որ ապրած ըլլային, Յարութեան տօնը զիրենք կը հաւաքէր Եագուպիէի մէջ, որովհետեւ հոն են իրենց յիշատակները, հոն են իրենց ննջեցեալները եւ ատիկա առիթ էր, որ խունկ ու մոմ վառէին շիրիմներուն: Եագուպիէցին աւանդապահ է, միշտ հաւատարիմ իր սրբութիւններուն ու առաքելական հայ եկեղեցւոյ սկզբունքներուն:
Հոն են իրենց մանկութեան յիշատակները, փոքրիկները գունաւոր հաւկիթներով զինուած զիրար կը փնտռէին մրցակցելու, իսկ մեծահասակները խումբեր կազմած տուները կը շրջէին շնորհաւորանք փոխանակելու եւ տանտիկիններուն պատրաստած կարկանդակները ըմբոշխնելու: Պատարագէն ետք, ուրախութեան ու զուարճանքի բոլոր միջոցներուն դիմելով, կը սկսէին շուրջպարերն ու զանազան կատակները: Իսկական տօնական մթնոլորտ կը տիրէր:
Այս նախնական պայմանները տեւեցին մինչեւ 1973-ը, երբ Հալէպ գործող Եագուպիէի Հայրենակցական Միութիւնը գիւղը օժտեց սրահով մը, որ պիտի ծառայէր հանդէսներու, հարսանեկան հաւաքոյթներու, դասախօսութիւններու եւ այլ ձեռնարկներու: Այդ թուականէն սկսեալ, Զատիկներու հաւաքական շնորհաւորանքներն ու ուրախութիւնները կ’ըլլային սրահէն ներս: Սրահը կը գտնուէր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Հիւրասիրութիւնը կը ստանձնէր Հայրենակցական Միութիւնը:
Այս հաճելի կեանքը վերջ կը գտնէ 2012-ին, երբ Զատիկէն ետք կը վերադառնանք մեր աշխատանքին ու ապրուստին, առանց գիտնալու, որ անվերադարձ կը հեռանանք մեր գիւղէն: 27  Յունուար 2013-ին, օտար զինեալներ կը գրաւեն գիւղը, որ կը մնայ իրենց լուծին տակ մինչեւ օրս:
Տասներորդ տարին է, որ եագուպիէցիք Յարութեան տօնը կը յիշատակեն իրենց ծննդավայրէն հեռու, միշտ յոյսով, որ յաջորդ տարին Եագուպիէ պիտի հաւաքուին:
Այս տարի եւս միութեան Տիկնանց Յանձնախումբը Հալէպ գտնուող եագուպիէցիներուն կոչ ուղղեց հաւաքուելու եւ շնորհաւորանքները փոխանակելու սրահի մը մէջ: Մօտաւորապէս հարիւր հոգի ներկայ էր՝ բարի մաղթանքներ փոխանակելու եւ վայելելու գունաւոր հաւկիթներու խրախճանքը, որմէ ետք բաժակ մը գինի հրամցուեցաւ՝ տիկիններուն պատրաստած կարկանդակներով եւ համեղ տուրմով:
Բոլորին դէմքերուն վրայ ժպիտ կար: Բոլորը ուրախ էին: Բոլորին աչքերուն մէջ կը շողար վաղուան յոյսը… «Եագուպիէի մէջ պիտի հաւաքուինք գալ տարի… չէ՞»…:
Աստուծոյ հրամանով:
Աբրահամ Երէցեան
Հալէպ ,19 Ապրիլ 2022