Ամէն անգամ որ կը կարդամ հայաստանցի այս երիտասարդ կնոջ գրառումները իր դիմատետրի էջին վրայ, տարօրէն կը յուզուիմ, աչքերս կը լեցուին արցունքով, զոր անկարող կ’ըլլամ զսպելու. եւ սենեակիս մինակութեան մէջ անզուսպ կերպով կու լամ. ամէն անգամ, ա-մէն-ան-գամ …
Կ’ըսուի թէ յուզումի կամ լացի պարագային, եթէ առաջին արցունքը աջ աչքէն է, ուրախութեան արցունք է, իսկ եթէ ձախէն է՝ տխրութեան կամ բարկութեան արցունք է: Իմ առաջին արցունքներս երկու աչքերէս կը հոսին միաժամանակ ամէն անգամ, որ Անժելիքային գրառումները կարդամ դիմատետրի իր էջին վրայ:
Անժելիքան արցախցի երիտասարդ կին մըն է, որ երեւանեան telecom ընկերութեան մէջ կ’աշխատի, որպէս տնտեսական վերլուծաբան. ան նաեւ իմ մտերիմ ընկերուհիիս հարսն է եւ որուն ծանօթացայ վերջին Երեւան երթալուս: Համեստ, լռակեաց եւ ժպտուն երիտասարդուհի մը, որուն բառը զուսպ էր այնքան, որ իր տարած աշխատանքին «առատութիւն»ն ու եռանդը զիս անակնկալի բերին:
Սառնարան գնելու համար Անժելիքան հրաւիրած է ամբողջ ընտանիքը՝ միասին ընտրելու:
Արցախի վերջին դէպքերէն ետք, երբ այնքան մարդ լքեց իր տունն ու հողը եւ ապաստան փնտռեց Հայաստանի մէջ, մենք, սփիւռքահայերս լսեցինք այդ բոլորը, դիտեցինք դժխեմ, ծանր պատկերները, փորձեցինք հասկնալ այդ մարդոց վիճակը, փորձեցինք օգնել մէկ անգամ, երկու անգամ եւ… մոռցանք, որովհետեւ օրերը տարբեր չափով եւ ձեւով դժուար են բոլորիս համար, եւ եթէ չվազենք հասնելու (թէեւ յստակ չէ թէ ո՞ւր …), ոչ միայն չենք հասնիր, այլ դուրս կը մնանք վազքէն:
Բայց Անժելիքան ձեւը գտած է իր աշխատանքային առօրեային կողքին նաեւ օգնութեան ձեռք երկարելու անոնց, որոնք «օտար» հողի մը վրայ, առանց իր օգնութեան, թերեւս մնային անճրկած, մեծ ընտանիքներու ծանր հոգին բեռան տակ:
Բարեսրտութիւնը կարծէք այս կնոջ բնածին յատկութիւններէն մէկն է, որովհետեւ շատ բնական կերպով մտածեր է՝ եթէ իւրաքանչիւրը իր աշխատավարձէն փոքրիկ բաժին մը տայ ամսական դրութեամբ, շատ ընտանիքներու համար շատ հարցեր կարելի պիտի ըլլայ լուծել: Ո՛չ միութիւն, ո՛չ կազմակերպութիւն, ո՛չ օրէնք-կանոն, բացի մարդկային սրտցաւութենէն, որ ուղղած է իր քայլերը:
Բայց ինչպէ՞ս համոզած է որ այլ մարդիկ եւս միանան իրեն: Չէ՛ համոզած. պարզապէս իր գործընկերները տեսնելով իր աշխատանքը ու մանաւանդ աշխատանքին ճշգրտութիւնը, սիրայօժար կերպով միացած են իրեն, որովհետեւ շատեր որոշ կողմերու նիւթական յատկացումներ ընելէ ետք, չեն կրցած հասկնալ թէ ո՛ւր գացած է եւ որո՛ւ օգնած է իրենց նուիրատուութիւնը:
Մի՛ մոռնաք, որ այսօր մեր երկրին մէջ կեանքը շատ դժուարացած է, իսկ ապրուստի հոգը՝ աւելի ծանրացած. հետեւաբար երբ մարդիկ իրենց լուման կու տան, կ’ուզեն նաեւ վստահ ըլլալ, որ իրենց տուածը տեղ հասած է եւ բանի մը ծառայած:
Անժելիքան կը գտնէ ընտանիքներ, կ’այցելէ անոնց տուները, կը նայի թէ ինչի՛ կարիք ունին, եւ իր ընկերներուն օգնութեամբ կը բաւարարէ այդ կարիքները:
Ինչ որ կը գնէ, որո՛ւ համար որ կը գնէ, կ’արձանագրէ մանրամասնօրէն եւ բոլորը կը դնէ իր էջին, իր գրառումներուն մէջ, ստացագրերու եւ ընտանիքներու լուսանկարներով:
Այսքանը անսովոր չէ. իրմէ առաջ Արազը եւս, որ Գանատայի իր կեանքը ձգած եկած էր Հայաստան եւ մեծ եռանդով կ’օգնէր ամէնէն անզօր դասակարգին՝ անկար եւ որբ մանուկներուն, յաճախ նաեւ կեանքը վտանգելով, ճիշդ նոյնը կ’ընէր,  նոյն ձեւով, միս-մինակը օգնութեան կը փութար բոլոր այն փոքրերուն, որոնք որբանոցներու մէջ մոռցուած կը տառապէին, «Հայաստան երկիր դրախտավայր»-իս մէջ: Ուրեմն ինչո՞ւ յուզուիլ, այն ալ՝ տարօրէն:
Յուզուիլ դրականօրէն, որովհետեւ այս անձնասիրական դարուն, տակաւին կան մարդիկ, կան երիտասարդ կիներ, որոնք իրենց կարելին, յաճախ նաեւ անկարելին կ’ընեն, օգնելու համար իրենց կողքինին: Այդ օգնութիւններուն համար Անժելիքան նաեւ առաջնահերթութիւններ ունի, որոնց մասին յստակօրէն կը գրէ. օրինակ.
«Ինձ հարազատ դարձած մի մարդ գրում է՝ «Անժ, ինչի ձեն չես հանում մի բարի գործ անենք, փող եմ փոխանցում, մի բան մտածի»: Էս մեսիջից մի շաբաթ ա ժպտում եմ, պարզապէս սպասում էի մենք էլ փող ստանայինք, նոր գրէի:
Ուրեմն Դեկտեմբեր ամսին շատերը մտածում են գումար հաւաքենք եւ Ձմեռ Պապիկից նուէրներ գնենք մեր օգնութիւն ցուցաբերած ընտանիքների երեխաներին։
Սակայն մի հատ աւելի կարեւոր բան կայ անելու՝ վերջերս իմացել եմ, որ մեր ուսուցիչներն ինչքան էլ նեղն ընկնեն՝ ձեն չեն հանի, որ յանկարծ իրենց աշակերտներին ու ծնողներին չհասնի:
Այսպիսով՝ ցանկալի կը լինէր Դեկտեմբեր ամսին հաւաքած գումարով անել հետեւեալը.
1. Հադրութից մի ուսուցչուհու օգնել երեխայի դպրոցի 2 ամսուայ վարձով՝ 180.000 դրամ, իսկ Յունուարից՝ որպէս գերազանցիկ սովորող, երեխու ուսումը կը լինի անվճար.
2. Շուշիից մի ուսուցչուհու օգնել հեռուստացոյցով.
3. Հադրութից 2 փոքր բալիկներով մի աղջկայ, որ ապրում է հիմա Արցախում, օգնել հաց թխելու ջեռոցով՝ 50-60 հազար դրամի սահմանում.
4. Հաւաքուած գումարից աւելացածով երեխաների Ամանորի նուէրներ առնել:
Ցաւ կայ, որ չի կիսւում, ինչքան էլ որ մենք փորձում ենք ցաւակցել… մնում է մարդկային հոգատարութեամբ ու յարգանքով մի քիչ մեղմացնենք մեր անմահ հերոսների ընտանիքների վիշտը, մեր տուն ու տեղից զրկուած հայրենակիցների հոգեվիճակը:
Պարզապէս լինենք զգօն: Էս ցաւը Սեպտեմբերի 27-ից է սկսւում, բայց այն չի վերջանում…»:
Եւ այս բոլորը կ’ընէ միս-մինակ, որովհետեւ մարդիկ անձամբ իրե՛ն վստահեր են, իսկ ինք չի կրնար ուրիշներու վստահիլ նման մեծ գումարներ:
Կը յուզուիմ այս երիտասարդուհիին իմաստութեան եւ մարդոց հանդէպ ունեցած իր նրբազգացութեան ի տես: Միւս կողմէ սակայն, բարկութիւնը կը ցնցէ զիս, երբ կը մտածեմ՝ որքա՞ն տակաւին այս խրոխտ, հպարտ ժողովուրդը ստիպուած պիտի ըլլայ օգնութիւններու վստահիլ, օգնութիւն սպասել, եւ առանց անոնց, ապրիլ սարսափը վաղուան անորոշութեան:
Դեռ քանի՞ տարի, քանի՞ դար պիտի մնանք այսպէս ուրիշներէ կախեալ, առանց իսկ իւղ ունենալու, որ գոնէ «մենք մեր իւղով տապկուինք»:
Վերջին ամիսներու դէպքերն ու գաղթականներու նոր ու հսկայ ալիքը կը յուշեն (երբեմն նաեւ կը մխիթարեն), որ կարծես երկրագունդիս գրեթէ բոլոր երկիրները մատնուած են այս անիւղ վիճակին, աշխարհի ժողովուրդներուն մեծամասնութիւնը դարձած է գաղթական ի՛ր իսկ երկրին մէջ, դարձած է աչքերը յոյսով յառած մեծ պետութիւններէն գալիք «օգնութիւններուն», որոնք աւելի շատ ողորմութեան համ ու հոտ ունին:
Ի՞նչ ընել սակայն, ճար ու ճարակ ունի՞նք:
Ունի՛նք՝ «Երբ չի  մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»:
Մինչ այդ սրտցաւ հայուհիներ, իրենց բարի գործերով ոչ միայն կը  սատարեն որ մնացորդները մնան, այլ նաեւ գեղեցիկ օրինակ կը դառնան: Անկէ ետք՝ ճար մը պիտի ըլլայ հարկաւ:
Մարուշ Երամեան