18 Մայիսին, առաւօտեան «Դիմադրութիւն» շարժումը Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցեր իրականացուցած է Երեւանի տարբեր բաժիններուն մէջ :
 
Փակուած են բազմաթիւ փողոցներ, պողոտաներ, խաչմերուկներ։ Երթեւեկութինը կաթուածահար եղած է։
 
Փողոցները փակելուն զուգահեռ ՀՀ եւ Արցախի դրօշներով ինքնաշարժներով երթեր իրականացուցած են։ Երիտասարդները անհնազանդութեան ցոյցեր իրականացուցած են փակուղիի մէջ. կաթուածահար եղած է Կարէն Տէմիրճեանի անուան Երեւանի մեթրոփոլիթենի բնականոն երթեւեկութիւնը։
 
Քաղաքի տարբեր բաժիններուն մէջ ոստիկանական մեծաթիւ ուժեր կուտակուած են։ Անոնք բռնի ուժ եւ լկտի պահուածք դրսեւորած են անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցի մասնակիցներուն նկատմամբ։
 
«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկելով ցոյցի մասնակիցները յորդորած են քաղաքացիներուն միանալու իրենց պայքարին։
 
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կոչով դիմած է ժողովուրդին․ “Սիրելի հայրենակիցներ, նոր օրը բացուեցաւ եւ մեր արժանապատիւ քաղաքացիները արդեն փողոցներն են։ Այս պահուն Երևանի քանի մը տասնեակ փողոցներ փակ են։ Տեղի կ’ունենան նաեւ անհնազանդութեան այլ ցոյցեր։
 
«Դուրս եկէք փողոց, միացէք ձեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Երէկ մենք արդէն ցոյց տուած ենք, որ սա աշխատող մարտավարութիւն է։ Այսօր կը կրկնապատկենք եւ կ’եռապատկենք մեր ջանքերը։ Յաղթանակը մօտ է», ըսած է ան:
 
Ոստիկանները անհամաչափ ուժով բերման ենթարկած են նաեւ մայթով անցնող քաղացիները՝ խոչընդոտելով լրագրողի աշխատանքը։ Անոնք անհամաչափ ուժ կիրառած են նաեւ պատգամաւորներուն նկատմամբ․ բիրտ ուժ գործադրելով ու քաշքշելով փորձած են բերման ենթարկել ՀՅԴ ԳՄ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
 
Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարած է, որ
Երեւանի փողոցներուն մէջ անհնազանդութեան ցոյցերը կը շարունակուին, ոստիկանութիւնը այլանդակ վատ եւ ապօրինի կը վարուի։
Ան նաեւ դիմած է ոստիկաններուն. «Երէկուան ձեր պարգեւավճարը ակնյայտ դարձուց այսօրուան ձեր գործած քայլերը: Դուք դարձած էք Նիկոլի գործիքը: Ինչ որ կ’ընէք մէկ-մէկ պատասխան պիտի տաք, բոլորդ սահմանուած էք: Բոլոր այն երաշխիքները, որ պարգեւավճարի հետ միսին Նիկոլը ձեզի տուած է, ես ձեզի կ’ըսեմ՝ պատասխան պիտի տաք։Հոն ալ Նիկոլը ձեզի խաբած է»:
 
Երեւանի տարբեր բաժիններէն ոստիկանները բերման ենթարկած են 364 հոգի։