“Երկիր”._ Թշնամիին կողմէ բռնագրաւուած Շուշի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Այտին Քերիմով APA ատրպէյճանական գործակալութեան յայտնած է.
«Մինչեւ այսօր Շուշի քաղաքին մէջ վերականգնուած է 7 պատմական յուշարձան».
Ան դիտել տուած է, որ պատրաստուած է «Շուշի քաղաքի նոր գլխաւոր յատակագիծ, կը նախատեսուի քաղաքին մէջ բնակեցնել 20-25 հազար մարդ»։
 
Այտին Քարիմով ըսած է, որ կը նախատեսուի 24 շէնքի կառուցում։