Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան իր մտահոգութիւնը յայտնած է վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ծաւալող քննարկումներուն եւ անցուդարձերուն գծով։
 
Ակադեմիան հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր հաստատած է.
«Ըլլալով ապաքաղաքական կառոյց, որուն կանոնադրական հարցը գիտութեան զարգացումն է, ակադեմիան, սակայն, չի կրնար անհաղորդ մնալ մեր պետութեան եւ ազգին համար գոյաբանական քաղաքական մարտահրաւէրներուն։ Այդպիսի մարտահրաւէր է այսօր արցախահայութեան կարելի հայրենազրկման եւ ցեղասպանութեան վտանգը, որ կարմիր գիծ է մարդկութեան համար։ Հազարամեակներ եւ հայոց քաղաքակրթութեան մաս կազմող Արցախը մեր հայրենիքի անբաժան մասն է, արցախահայութիւնը մեր ազգի ամենաերկար պետականութիւն պահպանած հատուածն է, մեր արեւելեան պատուարը։ Սակայն սկսեալ առնուազն 20-րդ դարու սկիզբէն՝ կովկասեան թաթարները, թրքական աջակցութեամբ, այնուհետեւ անոնց ատրպէյճանցի հետնորդները կը գործադրէին բոլոր ջանքերը՝ վերացնելու հայկական որեւէ հետք Արցախի մէջ։ Այդ ամէնը կ’ուղեկցուէր մարդկութեան դէմ իրագործուող յանցանքներով։ Այդ քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ եւ առանձնայատուկ թափ ստացաւ 2020_ի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ձեւաւորուած նոր իրողութիւններու պայմաններու մէջ՝ փաստացի վերածուելով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պաշտօնական գաղափարախօսութեան անքակտելի մէկ բաղադրիչին։ Այսօր մենք ականատես ենք այս արատաւոր քաղաքականութեան այնպիսի բացայայտ դրսեւորումներու, ինչպիսիք են յայտարարագրուած ծրագիրները ի սպառ վերացնելու հայկական պատմամշակութային հետքը իր վերահսկողութեան տակ անցած նոր տարածքներուն, հայատեացութեան սփռումը բոլոր կարելի միջազգային հարթակներուն, պատմութեան զեղծարարութիւնը, արհամարհանքը միջազգային իրաւունքին հանդէպ, յատկապէս, ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին Ժնեւի համաձայնութեան ոտնահարումը եւ այլն։ Ատրպէյճան պետութեան կազմին մէջ յայտնուելու պարագային Արցախին կը սպասուի արագ հայաթափում, արցախահայութեան՝ հայրենազրկում, ցեղասպանութիւն։ Արցախը ոչ մէկ կարգավիճակով չի կրնար մասը կազմել պետութեան մը, որ իր քաղաքացիներուն արդէն քանի մը սերունդ կը դաստիարակէ մոլի հայատեացութեան մթնոլորտի մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրացման երաշխաւորն է։ Մենք չենք կրնար հրաժարիլ այդ հիմնարար սկզբունքէն։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը այսօր կանգնած են լուրջ մարտահրաւէրներոի առջեւ։
 
Հարկաւոր է համախմբել մեր ողջ ներուժը՝ դիմագրաւելու այդ մարտահրաւէները, լուծումներ գտնելու յառաջ եկած հարցերուն։ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան պատրաստ է ՀՀ պետական իշխանութեան մարմիններուն տրամադրել մասնագիտական խորհրդատուութիւն, կրնայ դառնալ այն հարթակներէն մէկը, ուր կրնան քննարկուիլ համահայկական նշանակութիւն ունեցող հիմնահարցերը, լուծումներ եւ այլընտրանքային տարբերակներ առաջարկուիլ համահայկական օրակարգի ձեւաւորման համար»: