«Մենք գաղութներու մէջ պիտի դառնանք ամրապնդման եւ զօրացման մէյ մէկ ազդակներ մեր հայրենիքին համար, որ կայ Արարատեան աշխարհին մէջ։
Գիտցիր , հա՛յ ժողովուրդ, որ արժէք ես դու եւ խօսք ունիս ասելու այս նամարդ աշխարհին» :
Ա. Ահարոնեան
 
28 Մայիս 1918-ը նոր էջ բացաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: 28 Մայիսը հայոց պետականութեան վերականգման տօնն է: Ան յաղթանակի եւ հպարտութեան տօն է համայն հայութեան համար եւ կը յիշատակուի փառաւոր հանդիսութեամբ եւ ժողովրդային մեծ խանդավառութեամբ: Արդարեւ Քեսապի մէջ Շաբաթ, 28 Մայիս 2022-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. Անկախութեան 104-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ քայլերթ-տողանցք՝ ՀՄԸՄ-ի «Քեսապ» Մասնաճիւղի շեփորախումբին մասնակցութեամբ, Ս.Աստուածածին եկեղեցիէն մինչեւ Քեսապ Համալիր։ Այնուհետեւ Քեսապ Համալիրի ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-խրախճանք։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արաքօ Արամեան, ապա իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ժողովրդապետ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան եւ Հայ Աւետարանական Համայնքի Հովիւ Պատուելի Շանթ Ակիշեան։
Խրախճանքը վարեց Նշան Լնդեան։ Ժողովրդական եւ ազգային յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան Խաչիկ Աշճեանն ու Սեւակ Պետուրեանը, նուագակցութեամբ Կարօ Հայրապետեանի։
Ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ ներկաները նշեցին 28 Մայիսի տօնը։
 
Իսկ Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2022-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. Անկախութեան 104-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն։ Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն յիշատակը։
 
Բացման խօսք արտասանեց Արաքօ Արամեան։ Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Քրիստափոր» Մասնաճիւղէն խումբ մը պատանիներ (խմբային երգեր), Անդրանիկ Հանէսքէհեան (մեներգ), Վարդինէ Աղպաշեան Դանիէլեան (ասմունք)։
Օրուան խորհուրդն ու պատգամը ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Հայաստանի Ա. անկախութեան յատկանշական իրադարձութիւններուն անդրադառնալով` ան վեր առաւ Մայիս 28-ի պատմական եւ այժմէական նշանակութիւնը, հանգամանօրէն եւ լայն տեսադաշտի մէջ ներկայացուց աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային ներկայ կացութեան մէջ եւ յատկապէս Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով հայկական երկու հանրապետութիւններուն հանդէպ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական համագործակութեամբ շարունակուող յարձակողական եւ ծաւալապաշտական սպառնալիքները, ի գործ դրուած փանթուրանական ծրագիրը եւ անոնց հաւանական ծանր հետեւանքները, որոնք կրնան ըլլալ աղետաբեր, անոնց առաջքը չառնուելու պարագային:
Բանախօսը քաղաքական_վերլուծական համապատկերի մէջ ներկայացուց 2018-էն ասդին Հայաստանի իշխանութիւններուն ազգակործան եւ պետականաքանդ շարունակուող քաղաքականութիւնը, որուն հետեւանքով է որ Հայաստան, Արցախ եւ ամբողջ հայութիւնը յայտնուած են պետականութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ:
Մանոյեան նշեց այն գոյութենական մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք իբրեւ պետութիւն եւ ազգ, ընդգծեց Հայաստանի իշխանութիւնները հեռացնելու պահանջին քաղաքական բանական անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ միայն այդ կերպով կարելի կը դառնայ շրջադարձային բեկում յառաջացնել ներկայ վտանգալից գործընթացներուն մէջ: Ներհայաստանեան քաղաքական նպատակային իրադարձութիւններուն շրջագիծին մէջ շեշտեց ու արժեւորեց “Զարթնիր, Լաօ՛” նշանախօսքով օր ըստ օրէ ընդարձակուող համաժողովրդային եւ համահայկական դիմադրական շարժման փրկարար կարեւորութիւնն ու անխուսափելի յաղթանակը:
Հանդիսութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ երգիչ Սեւակ Պետուրեան, որ փունջ մը ազգային-յեղափոխական երգերով փակեց հանդիսութիւնը։
Փա՜ռք ու պատիւ 28 Մայիսը կերտող անմահ հերոսներուն:
Կեցցէ’ 28 Մայիսը, իր խորհուրդով եւ պատգամով, կեցցէ’ ազատատենչ հայ ժողովուրդը:
 
Թղթակից